2017-08-17 09:19:00

Հանդիսաւոր Պատարագ Հալէպի Հայ Կաթողիկէ գերեզմանատան Ս. Յարութիւն վերանորոգ մատրան Մէջ


Հինգ տարի շարունակ ամայի մնացած Հալէպի Շէյխ Մաքսուտ շրջանի Հայ Կաթողիկէ գերեզմանատունը վերաբացուեցաւ: Այս մասին կը հաղորդէ «Գանձասար» թերթը։

Արդարեւ, Երկուշաբթի, 14 Օգոստոս 2017-ին, առաւօտուն ժամը 9:00-ին, Հայ Կաթողիկէ գերեզմանատան Ս. Յարութիւն Վերանորոգ Մատրան Մէջ տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր պատարագ: Պատարագը մատուցեց Բերիոյ Հայոց Կաթողիկէ Թեմի Առաջնորդ Արհի. Տէր Պետրոս Արք. Միրիաթեան:

Գերապայծառ Առաջնորդը իր քարոզին ընդմէջէն նախ բացատրեց յարութեան խորհուրդը, ապա ըսաւ.«Մենք մահու ժողովուրդ չենք, այլ՝ յարութեան: Ճիշդ է, որ այս վայրը գերեզմանատուն է, սակայն մեր ներկայութիւնը, այսօր, այստեղ մեր յարութեան ապացոյցն է»:

Յաւարտ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն բոլոր ննջեցեալներուն հոգիներուն համար, մասնաւորապէս Գաբրիէլ Ծ. Վրդ. Գասպարեանի հոգւոյն համար, որ մեծ ներդրում ունեցած էր Հայոց Ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայերու հոգակատարութեան մէջ:

Արարողութեան աւարտին, ժողովուրդն ու Գերապայծառ Տէրը փողերախումբին առաջնորդութեամբ ուղղուեցան դէպի ջրհոր, ուր տեղի ունեցաւ ջրհորի օրհնութիւնը:

 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.