2017-08-17 12:48:00

Լոս Անճըլըսի Արքեպիսկոպոս Հոզէ Կոմեսի քարոզը՝ Երանելի Օսքար Ռոմերոյի մասին


«Ռատիօ Վատիկան» 15 Օգոստոս ին բոլորեցաւ Սան Սալւատորի մարտիրոսացած եպիսկոպոս Երանելի Օսքար Ռոմերոյի ծննդեան 100րդ տարեդարձը։ Լոս Անճըլըսի Արքեպիսկոպոս Հոզէ Կոմես, 13 Օգոստոսին մատուցած Սուրբ Պատարագի քարոզին մէջ նկատած է, թէ «Երանելի Օսքար Ռոմերօ, իր ծնունդէն 100 տարիներ ետք ալ տակաւին կը ներշնչէ մեզ իր խոնարհութեամբ, քաջութեամբ, աղքատներուն հանդէպ ունեցած իր սիրով եւ իր վկայութեամբ, որ ցուցաբերած էր ուրիշներու զօրակցութեան եւ ծառայութեան մէջ՝ մինչեւ իսկ իր կեանքը զոհելով։ Երանելի Օսքար ունէր նոր ընկերութեան մը տեսլականը, այն ընկերութիւնը, որ բաղձալի է Աստուծոյ, ընկերութիւն մը, ուր Աստուծոյ պարգեւները բաժնեկցուած են բոլորին՝ եւ ոչ միայն սակաւ անձերու կողմէ։ Մենք կ'ուզենք այդ տեսլականը յառաջ տանիլ մեր ժամանակներուն մէջ եւ մեր ընկերութեան մէջ։»

Արքեպիսկոպոս Օսքար Ռոմերօ ծնած է  1917 թուականի 15 օգոստոսին։ Էլ Սալւատորի արիւնալի քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին, ան կը քարոզէր քրիստոնէական սէր։ Այդ պատերազամի ժամանակ երբ պետութեան հետ առընչուած մահաբեր ջոկատներ կը սպանէին եւ կ'առեւանգէին պետութեան հակառակորդները, արքեպիսկոպոոսը, հակառակ մահուան սպառնալիքներու, բուռն կերպով կը քննադատէր պետութեան՝ աղքատներու դէմ կատարած բռնութիւնը եւ մարդկային իրաւունքներու բռնաբարումը եւ կաշառակերութիւնը։

1980 թուականի մարտ 24ին, հիւանդանոցի մը մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին արքեպիսկոպոս Օսքար Րոմերօ կը սպաննուի։ Սպանութիւնը հաւանաբար կատարուած է աջակողմեան մահաբեր ջոկատներու կողմէ։

2015 թուականի փետրուար ամսոյն, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը կը յայտարարէ, թէ Արքեպիսկոպոս Օսքար Րոմերօ մարտիրոս մըն է, եւ ապա երանելի կը հռչակէ զայն սոյն տարւոյն մայիսին։

Արքեպիսկոպոս Կոմես, երանելի Օսքար Րոմերոյի տարեդարձի 100-ամեակի յիշատակումի Սուրբ Պատարագին մէջ յորդորած է՝ «այս մեծ սուրբէն խնդրենք որ մեզի բոլորիս օգնէ ապրելու նոր հաւատքով, նոր յոյսով եւ նոր սիրով։ Խնդրենք անկէ, որ բաերխօսէ մեզի համար, որ ոյժ տայ մեզի շարունակելու իր ծրագիրը՝ իր 'սիրոյ յեղափոխութիւնը'։ Օսքար Րոմերօ քալեց Յիսուսի եւ իր ժողովուրդին ընկերակցութեամբ։ Ան ծառայեց իր ժողովուրդին հովիւի մը եւ հօր մը սիրով։ Աստուած նոյնպէս մեզմէ իւրաքանչիւրին առաքելութիւն մը վստահած է։ Մեզմէ իւրաքանչիւրը կոչուած է՝ կերտելու Աստուծոյ Արքայութիւնը։» Արքեպիսկոպոս Կոմես ապա իր քարոզին մէջ յիշեցուց Երանելի Օսքար Րոմերոյի խօսքը՝ «Ձեզմէ իւրաքանչիւրը, իր իւրայատուկ կոչումով՝ մայրապետ, ամուսնացած անձ, եպիսկոպոս, քահանայ, բարձրագոյն կարգի կամ համալսարանի ուսանող, բանուոր, աշխատաւոր, վաճառատան մէջ աշխատող կին, ձեզմէ իւրաքնաչիւրը իր վայրին մէջ թող ապրի հաւատքը ամուր կերպով եւ զգայ, թէ ձեր շրջապատին մէջ, դուք Աստուծոյ բարձրախօսներն էք։»

Արքեպիսկոպոս Կոմես շեշտած է, թէ կարիքն ունինք Աստուծոյ հանդէպ ամբողջական վստահութեան՝ հակառակ որ կ'ապրինք նեղութիւններու եւ փորձութիւններու ժամանակի մը մէջ, ինչպէս առաքեալները ծովու վրայ բռնուած էին սաստիկ փոթորիկի։ Նոյնիսկ երբ անոնք Յիսուսը տեսան, որ ջուրերուն վրայէն իրենց կու գար՝ կարծեցին ուրուական մը տեսնել։ Այնքան ժամանակ, որ Պետրոս Առաքեալի աչքերը Յիսուսի վրայ սեւեռած էին, ան ապահով էր, սակայն երբ սկսաւ իր մարդկային սահմանափակութեան մասին մտածել՝ սկսաւ ընկղմիլ։ Հակառակ պայքարներու եւ մարտահրաւէրներու, որոնց դիմաց կը գտնուէր Արքեպիսկոպոս Րոմերօ, ան իր աչքերը միշտ Յիսուսի վրայ պահեց։

Քարոզի աւարտին, Արքեպիսկոպոս Կոմես կոչ ուղղեց՝ «Աւետարանի սիրոյ եւ ողորմութեան, ճշմարտութեան եւ արդարութեան պատգամը տանինք աշխարհի բոլոր անկիւնները։» Ան, Էլ Սալւատորի պաշտպան՝ Խաղաղութեան Աստուածանէն խնդրեց որ առաջնորդէ իր զաւակները՝ «ճանչնալու ազատութիւնը, արդարութիւնը եւ խաղաղութիւնը, որոնց համար Երանելի Օսքար Ռոմերօ իր կեանքը զոհեց։








All the contents on this site are copyrighted ©.