2017-08-16 10:17:00

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ


Գիտութիւններու Մայրը

Արմատները փնտռելու , դէպի խորքը թափանցելու, խնդիրները իրենց էութեան մէջ քննարկելու, նիւթին մէջ մասնագիտանալու եւ հմտանալու երեւոյթները բնական դարձած են ներկայ զարգացած դարուն:

Անհատներէ բացի, կրօններ եւ ազգութիւններ մեծ ճիգ թափելով՝ կը կատարեն իրենց արմատներուն վերադառնալու աննահանջ փորձեր, որոնք երբեմն չափազանցութիւններու երթալով, աղէտ կը դառնան մարդկութեան գլխուն:

Փոքրաքանակ ժողովուրդներ, միշտ վախնալով իրենց ինքնութիւնը կորսցնելու վտանգէն՝ ազգային նկարագիրի եւ անոր մշակութային իւրայատկութիւններու մասին քարոզարշաւի կը վերածեն ազգին գոյապայքարը: Մեր ժողովուրդն ալ այդ թակարդին մէջ կը գտնուի, իսկ ուրիշ ազգութիւններու բարեմասնութիւններէն օգտուելու «վախը», մեզ վերածեր է ուրիշները կապկողներու կամ ընդօրինակողներու: Մինչդեռ կրնայինք օտարին լաւ յատկութիւնները իւրայացնելով կամ հայացնելով, աւելի հարստացնել թէ՛ մեր մշակոյթը եւ թէ մեր ազգային այլ իւրայատկութիւնները: Սակայն, մեր հայութենէն բան մը կորսնցնելու վախը, որ յատուկ է փոքր թիւ ունեցող ժողովուրդներուն, մէկ կողմէ կը կաշկանդէ մեր քայլերը եւ միւս կողմէ ազգայնամոլութեամբ կը փքացնէ մեր կուրծքները:

Աշխարհի բոլոր գիտութիւնները փորձառութեան արդիւնք են: Վիճարկումներ, փորձարկումներ, քննութիւններ, փնտռտուքներ եւ այլ ամէն տեսակի բծախնդիր քննարկումներ կատարուած են գիտնականներու կողմէ, հասնելու համար տուեալ գիտութեան հաստատած արդիւնքին: Գիտութիւնները առարկայական են: Անոնք միշտ հիմնաւորուած պէտք է ըլլան, այլապէս կը նմանին գիտոսիկներու արտայայտած աժան գաղափարներուն, որոնց երկար ժամանակ հաւատք ընծայել կարելի չէ՛: Գիտութիւնը պէտք է կշիռ ներկայացնէ, խորք ունենայ եւ մանաւանդ անժխտելի օրէնքներով բացատրուի:

Աշխարհի գիտութիւնները բազմաթիւ են: Ամէն օր նոր գիւտ մը կը կատարուի աշխարհի մէջ: Գիտութիւններու միջեւ ալ առաջնահերթութիւններ կան: Սակայն, ամէն գիտութիւն իր բնագաւառին մէջ կարեւոր է: Օրինակ, աստղերու գիտութեան պարագային՝ անոնց իրարմէ ունեցած հեռաւորութիւնը, իւրաքանչիւրին լոյսի կամ ճառագայթումին աստիճանաչափը եւ աստեղահոյլերուն իրարու հետ ունեցած «դրացնութիւնը» աստղագէտներուն աշխատանքային ծիրէն ներս կ՛իյնան, իսկ հետաքրքրասէրներ պարզապէս կը յագեցնեն այդ մասին ունեցած իրենց հետաքրքրութիւնը: Երկնային մարմիններու գիտութեան ոլորտէն եթէ իջնենք գետին՝ երկիր, պիտի տեսնենք, թէ մարդկային կեանքին հետ առնչուող գիտութիւնները աւելի հետաքրքրական են եւ «այժմէական»:

Մարդկային կեանքին համար անհրաժեշտ գիտութիւններուն մէջ եւս պէտք է ընտրել կարեւորագոյնը եւ զայն հռչակել «Գիտութիւններու մայրը»: Մարդկային փորձառութիւնը ցոյց տուած է, թէ մարդուն համար ամէնէն անհրաժեշտ կարողութիւնը մարդ ճանչնալն է: Մինչեւ հիմա որքա՜ն անձեր տուժած են մարդ չկարենալ ճանչնալու հետեւանքով: Որքա՜ն վնասներ կրած են մարդիկ, որովհետեւ խաբուած են շողոքորթ լեզուով կեղծաւորաբար իրենց մօտեցած մարդոցմէ: Անձնական, ընտանեկան, գործի, արուեստի, հաւատքի եւ այլ բազմաթիւ բնագաւառներու մէջ երբ չկարենաս ճանչնալ դիմացդ կանգնած անձը, չես կրնար ճիշդ կողմնորոշուիլ, իյնալով անոր լարած թակարդին մէջ:

Գիտութիւններու մայրը՝ մարդաճանաչողութիւնը, որքա՜ն հեռու է այսօր մարդոց փորձառական օրակարգէն: Մարդիկ իրենց առօրեայ հեւքին մէջ որքա՜ն կ՛իյնան ու կ՛ելլեն լարուած թակարդներու մէջ, երբեմն կորսնցնելով ամէն ինչ: Արդ՝ որեւէ գործ սկսելէ առաջ, պէտք է ճանչնաս այն անձը, որուն հետ պիտի աշխատիս: Վստահելի՞ է ան, կարելի՞ է հաւատք ընծայել անոր խօսքին, կրնա՞յ արդեօք յաջողցնել միասնական աշխատանք մը: Ահաւասիկ հարցումներ, որոնք մաս կը կազմեն այն գիտութեան, որ կը կոչուի մարդաճանաչողութիւն:

Այս գիտութեան մէջ արձանագրուած օրէնքներէն մէկն ալ աղօթքն է: Լսուած առած մըն է հետեւեալը. «Պատերազմի երթալէ առաջ աղօթէ: Ճամբորդութենէ առաջ երկու անգամ աղօթէ, իսկ ամուսնանալէ առաջ՝ երեք անգամ…»: իրաւունք ունի առածագիրը, որովհետեւ երրորդը ուղղակի փոխյարաբերական կեանքիդ հետ առնչուած է, եւ ճիշդ այս պարագային պէտք ունիս սորված ըլլալ Գիտութիւններու մայրը՝ մարդաճանաչողութեան գիտութիւնը: Այլապէս՝ դժբախտութիւնը կանգնած կ՛ըլլայ տանդ դրան քով եւ հազիւ առագաստ մտած, քեզմէ առաջ ի՛նք կը մտնէ անկողին:

Գիտութիւններու մայրը՝ մարդաճանաչողութիւնը յատկապէս ներկայ դարու համար պարտադիր բարձրագոյն ուսմանց շարքին առաջինն է: Ով որ այս գիտութեան ծանօթ չէ՛, կը նշանակէ թէ միւս գիտութիւնները յաջողութեան չեն կրնար հասցնել զինք: Մինչդեռ միայն ա՛յս գիտութեան մասնագիտութիւնը ձեռք բերելով, շատ մը այլ գիտութիւններու ինքնաբերաբար կը մասնագիտանայ մարդ։








All the contents on this site are copyrighted ©.