2017-08-15 14:40:00

Ֆրանչիսկոս Պապին աղօթքը Վերափոխման տօնին Մարեմեան աղօթքի ընթացքին։


(Ռատիօ Վատիկան) «Մարիամին խաղաղութեան թագուհիին, որ այսօր կը մեծարենք երկնքի փառքին մէջ, անգամ մը եւս կը յանձնեմ, բնական աղէտներու, ընկերային լարուածութիւններու ու հակամարտութիւններու թիրախ, աշխարհի զանազան վայրերու ժողովուրդներուն անձկութիւններն ու ցաւերը, որպէսզի անոնց համար ընդունի մխիթարութիւն ու խաղաղ եւ համերաշխ ապագայ մը»։ Այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան քահանայապետին աղօթքը` Երեքշաբթի 15 օգոստոսին, ըստ լատինաց Աստուածածնայ վերափոխման տօնին առթիւ, իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած մարեմեան աղօթքի աւարտին, յատկապէս  մատնանշելով Սիերրա Լէոնէի մէջ ջրհեղեղի ու անոր հետեւանքներէն յառաջ եկած մարդկայնական աղէտին։

Նախ քան Մարեմեան աղօթքը արտասանելը Սրբազան Քահանայապետը խորհրդածութիւն մը ներկայացուց որուն ընթացքին մեկնաբանեց օրուան սուրբ գրային ընթերցումը ուր կը պատմուի Մարիամի Եղիսաբեթի տուած այցելութեան մասին։

Այդ այցելութեան ամենամեծ պարգեւը, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, Յիսուսն է, որ ներկայ է արդեն Մարիամի արգանդին մէջ։ Ու մենք այսօր տօնախմբելով վերափոխման տօնը պիտի ուզենք  որ Ան անգամ մը եւս մեզի, մեր ընտանիքներուն ու մեր հասարակորդութիւններուն պարգեւէ այդ անհուն պարգեւը, այդ միակ շնորհքը որ է Յիսուս Քրիստոս, որով Մարիամ մեզի կը բերէ նաեւ իմաստալից նոր ուրախութիւն մը եւ նոր ունակութիւն` հաւատքով դիմագրաւելու դժուար ու ցաւալի պահերը. Ան մեզի կը բերէ ողորմութեան կարողութիւնը, որպէսզի իրար զիրար ներենք, իրար հասկանանք ու մէկը միւսին թիկունք կանգնինք։

Մարիամէն որ է առաքինութեան ու հաւատքի տիպարը կը խնդրենք որ մեզ պահպանէ ու մեզի թիկունք կանգնի որպէսզի ունենանք զօրաւոր, ուրախ եւ ողորմած հաւատք մը­,  ըսաւ ապա Սրբազան Պապը  եզրափակելով խորհրդածութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.