2017-08-14 09:07:00

Ռայի Պատրիարքը միասնականութեան կոչ ուղղեց


Հարաւի եւ յատկապէս Սայտայի մերձակայ շրջաններուն տուած իր հովուական այցելութեան ընթացքին մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ կոչ ուղղեց միաժամանակ լիբանանցի ժողովուրդին եւ երկրի վարիչներուն` ըլլալու միասնակամ եւ համերաշխութեամբ դիմակալելու երկիրը յուզող հարցերը:

Տարպ Սիմի մէջ Սայտեթ Պշարա եկեղեցւոյ հիմնարկէքի արարողութեան ընթացքին արտասանած իր ճառին մէջ, Ռայի պատրիարքը կոչ ուղղեց լիբանանեան ընկերութիւնը կազմաւորելու եկեղեցւոյ բնոյթով ու դիմագիծով: «Հաւատքն ու աշխատանքը այն երկու թեւերն են, որոնք թռիչք կու տան մեր ճիգերուն», ընդգծեց Ռայի պատրիարքը: Ան այս առիթով բարձր գնահատեց լիբանանցի եւ յատկապէս Տարպ Սիմի ժողովուրդին դիմադրական ունակութիւնը` յիշեցնելով անոր ապրած դառն պայմանները սկսելով 1860-ի դէպքերէն մինչեւ 1975-ի պատերազմն ու 1985-ի իսրայէլեան յարձակումը:

Նախքան այդ, շաբաթավերջին կատարած իր մէկ յայտարարութեամբ Պշարա Ռայի պատրիարքը երկրի վարիչներուն ուղղելով իր խօսքը  կոչ ուղղեց վաւերացնելու աշխատավարձերու յաւելման օրինագիծը եւ իրականացնելու «աշխատաւորական այս արդար պահանջը»:








All the contents on this site are copyrighted ©.