2017-08-14 07:45:00

14 օգոստոսին կը նշուի Սուրբ Մաքսիմիլիան Քոլպէ` Սիրոյ նահատակին ծիսական տօնը։


(Ռատիօ Վատիկան) 14 Օգոստոսին Հայր Մաքսիմիլիան Քոլպէի մահուան տարելիցն է։ Ան իր կեանքը զոհած էր իրեն անծանօթ եղբօր մը համար։

Արդարեւ 1941 - ի յուլիսի վերջերն էր, եւ հայր Քոլպէ արդէն մի քանի ամիսէ ի վեր կը գտնուէր Աուշվիցի համակեդրոնացման Ճամբարի տաժանակիր աշխատանքի թիւ 17 բաժնին մէջ։

Թիւ 14 բաժնին պատկանող՝ արգելափակեալ մը կը յաջողի փախչիլ։ Այս պատճառով անոր 10 ընկերակիցները կը դատապարտուին անօթութեամբ մեռնելու։ Անոնց մէջ կար նաեւ ընտանիքի հայր մը որ մեծ կսկիծ կը զգար այս կերպով իր կնոջմէն եւ հեռաւոր զաւակներէն բաժնուելուն համար։ Յանկարծ տկար եւ վատառողջ անձ մը, մեղմ բայց վճռական ձայնով մը  ճամբարի հրամանատարին կը դիմէ ըսելով. ''կը խնդրեմ մահուան երթալ այդ մարդուն փոխարէն''։

''Ով է՞ք եւ ո՞րն է  պատճառը որ ձեզ մղեց այս խնդրանքը կատարելու''. հարց կու տայ հրամանատարը։ ''Կաթողիկէ քահանայ մըն եմ. այլեւս տարիքս առած եմ եւ վատառողջ եմ, իմ կեանքս արժէք մը չունի, մինչդեռ այդ մարդուն կեանքը օգտակար կրնայ ըլլալ ընտանիքին եւ ընկերութեան'' կը պատասխանէ ծերունին։ ''Համաձայն եմ'', կը պատասխանէ հրամանատարը, րոպէ մը տատամսումէ ետք, ու հայր Քոլպէ միւս 9 բանտարկեալներուն հետ կիջնէ անօթութեան խուցը։  
Աղաղակներու եւ հայհոյութեանց փոխարէն, երկու շաբաթէ աւելի կը լսուէին կենդանի թաղուածներու բերնէն  կրօնական երգեր։ Հայր Քոլպէ վերջինը կ՛ըլլայ որ հոգին կ՛աւանդէ, մահաբեր ներարկումէ մը ետք` 14 օգոստոսին, ըստ լատինաց վերափոխման տօնին նախօրեակին։
Ան` կենդանութեան ընթացքին Իր երկնային Մայրը շատ սիրած էր. իր կեանքը նուիրելով իրեն համար, ասոր համար  է որ Մարիամ ուզած էր զինքը իր մօտը կանչել, հանդիսաւոր օր մը, որ կը յիշեցնէր իր իսկ երկինք վերափոխումը։

Երջանկայիշատակ Պօղոս Զ. քահանայապետը, 17 հոկտեմբեր 1971-ին  Հայ Քոլպէն կը բարձրացնէ խորաններու պատուոյն երանելի հռչակելով զայն։

Հայր Մաքսիմիանոս Քոլպէ ծնած էր Լեհաստան 7 յունուար 1894ին։ 1907-ին կը մտնէ Կրտսեր եղբայրներու կղերանոցը, Հռոմ կը ղրկուի եկեղեցական ուսումները կատարելու Գրիգորեան համալսարանի մէջ։

Տակաւին ուսանող, գաղափարը կը յղանայ Մարիամի Անարատ Յղութեան զինուորներու եղբայրութիւնը հիմնելու։ 1918ին կուսակրօն քահանայ  կը ձեռնադրուի եւ Լեհաստան վերադառնալով կը սկսի - Անարատ Յղացեալին ասպետը - կոչուած լեհերէն ամսաթերթը հրատարակել որ 1938ին մէկ միլիոն տպաքանակի հասած էր։

Ան իր մահկանացուն կնքեց 14 Օգոստոս 1941-ին, վերափոխման տօնին նախօրեակին, իր կեանքը զոհելով եղբօր մը` ընտանիքի հօր մը, ընտրելով մահանալ անոր տեղ, եւ ասոր համար կչուած է` սիրոյ նահատակ։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.