2017-08-13 08:10:00

Տօն Վերափոխման Սրբոյ Կոյսին. Հայր Գէորգ Եպիսկ. Ասատուրեանի խորհրդածութիւնը։


Վերափոխման Տօնը կը նկատուի Սուրբ Կոյսին նուիրուած լաւագոյն տօներէն մին, որովհետեւ օգոստոս ամսոյն եւրոպացիները կը հաւաքուին Սուրբ Կոյսին սրբավայրերուն շուրջը օգտուելով իրենց արձակուրդներէն: Հինուց Եւրոպայի շատ մը երկիրներ, մանաւանդ Ֆրանսայի քաղաքներէն շատեր, նուիրուած են Աստուածածնայ՝ իրեն յանձնելով իրենց գիւղերուն եւ քաղաքներուն պաշտպանութիւնը, մարմնական թէ հոգեկան հիւանդութիւններէն եւ մանաւանդ թշնամիներու յարձակումներէն ազատելու համար:

1950-ին Պիոս ԺԲ. Պապը խօսելով վերափոխման աստուածաբանութեան մասին կ՚ըսէր. «Վերափոխման տօնը մեզի ոչ միայն կը յիշեցնէ Սուրբ Կոյսին մարմնական անաղարտութիւնը, այլ այս սուրբ կինը յաղթեց մահուան իր մարմինը փոխադրելով երկինք որ զինքը պսակեց եւ փառաւորեց իր միակ զաւակին նման»:

Եկեղեցին կը ներկայացնէ մեզի Սուրբ Կոյսը ոչ միայն որպէս պաշտպանը մեր կեանքին եւ մեր հոգիներուն, այլ որպէս վստահելի այն կինը իր հաւատքով եւ փրչագործութեան խորհուրդով եւ Սուրբ Հոգիին միջոցաւ մեզի նուիրեց Յիսուսը որպէս բոլորիս Փրկիչը:

Սուրբ Կոյսը եղաւ այն առաջին քրիստոնեան որ կեդրոնը եղաւ մեղքի եւ շնորհքի, ինչպէս նաեւ Աստուծոյ սիրոյն եւ մարդուն պայքարին մէջ:

Մարիամը դարձաւ այն սրբուհին որ լեցուն էր Աստուծոյ շնորհքով եւ սիրով: Աստուծոյ կամքով դարձաւ նոր Եւան որ խոստացուած էր մարգարէներէն՝ ըլլալու Մայրը Փրկիչին որ պիտի միանար իր որդւոյն առաքելութեան մինչեւ Գողգոթայ եւ Խաչին յաղթանակը:

Յովհաննէս Պօղոս Բ. Սուրբ Պապը կ՚ըսէր. «Որքան մեծ եւ յաղթական է հաւատքի հնազանդութիւնը որուն պատկերը կը տեսնենք Սուրբ Կոյսին կեանքին մէջ, այսպէսով ինք միացաւ կատարեալ ձեւով փրկչագործութեան առաքելութեան»:

Սուրբ Կոյսը առաջին վայրկեանէն հաւատարիմ մնաց իր հաւատքին միանալով այս առաքելութեան Սուրբ Հոգիին միջոցաւ: Յիսուսը աշխարհ բերելը ինքզինք պարտադրեց պատմութեան ընթացքին ըլլալու պայքարը սիրոյ հաւատարմութեան եւ պատմութեան խիստ տառապանքներուն. այս վիճակով աշխարհին կը ներկայացնէ Սուրբ Հոգիին ներշնչումը որ է նոր նամակը: Աւետարանը մեզի կը փաստէ թէ հաւատքի հնազանդութիւնը գործն է հոգիին: Քրիստոսի չարչարանքներէն եւ յարութենէն Սուրբ Կոյսը ունեցաւ երկնքի փառքը: Մարիամ այն փառքը պիտի չունենար եթէ չունենար խոնարհութիւնը եւ սէրը, եւ ասով յաղթանակը ունեցաւ շնորհիւ իր կրած կեանքին:

Ամէնքս կը փափաքինք աղօթել եւ խօսիլ Սուրբ Կոյսին հետ. մարդիկ աւելի մօտ կը զգան իրեն որովհետեւ հաւատարիմ եւ սիրելի անձ մըն է քանի որ միշտ մօտ է մեր ուրախութիւններուն եւ տխրութիւններուն: Սուրբ Վարդարանի ուրախ եւ տխուր խորհուրդները Քրիստոսի յաղթական դուռն է եւ մենք ուխտաւորներ ենք, կը քալենք Յիսուսի խօսքերուն ճամբուն վրայ, այսինքն շնորհքի եւ ներողամտութեան ճամբան առնելով:

Մեծացուսցէին մէջ կը տեսնենք համառօտութիւնը Սուրբ Կոյսին կեանքին` այսինքն աղքատին, խոնարհին եւ անօթիին օգտակար եւ մօտ ըլլալը:

Մեզի համար անհասկնալի պիտի մնայ Աստուծոյ այս յաղթանակը չար ոգիներուն եւ մահուան վրայ որովհետեւ Աստուած լռելեան ձեւով ուզեց մեզ փրկել եւ նոր շնորհքի մը մէջ մեծցնել: Բաժնենք իրեն հետ իր կամքին միութիւնը այսինքն որպէս Փրկիչ եւ կարեւոր ներկայութիւն մը մեր կեանքին մէջ:

Այսօր Սուրբ Կոյսը կը պսակուի Աստուծոյ կողմէն շնորհիւ իր հաւատարմութեան առանց տարակոյսի իրեն տալու փառքը եւ յոյսի կատարելութիւնը:

ՀԱՅՐ ԳԷՈՐԳ ԵՊԻՍԿ. ԱՍԱՏՈՒՐԵԱՆ








All the contents on this site are copyrighted ©.