2017-08-12 10:05:00

Սուրբ Աստուածածնի Վերափոխման տօն. խաղողօրհնէքի աւանդութիւնը


Բոլոր եկեղեցիները այսօր՝ Սուրբ Աստուածածնի Վերափոխման տօնին կը մատուցանեն սուրբ Պատարագ, որուն ընթացքին  կը կատարուի խաղողի օրհնութիւնը։  Օրհնուած ողկոյզները կը բաժնուին հաւատացեալ ժողովուրդին։ Ըստ աւանդութեան, անկէ ետք է որ կարելի է խաղող ուտել: Խաղողը այն պտուղն է , որմէ կը ստանանք գինին , իսկ գինին՝ Սուրբ Հաղորդութեան  ժամանակ խորհրդանիշն է Քրիստոսի արեան:

Այս աւանդութիւնը  կապուած է ո՛չ միայն Ս. Աստուածածնի Վերափոխումին հետ, այլ գոյութիւն ունէր շատ հին ժամանակէ : Այս աւանդութիւնը եկած է յոյներու մէկ սովորութենէն, որով տարուան առաջին բերքը կ'ընծայէին Աստուծոյ : Ըստ օրէնքի, այդ բերքերն էին ցորենը , գարին , խաղողը , թուզը , նուռը , ձիթապտուղը , մեղրը եւ այլն: Այդպիսով , երբ սկսէին նաւասարդեան տօները, ժողովուրդը մեծ ուրախութեամբ իրենց այգիներուն բարիքները կը բերէին տաճար եւ կ'ընծայէին պտղաբերութեան Աստուծոյ :

Քրիստոնէական շրջանին տարուայ բերքի խորհրդանիշ ընտրուեցաւ խաղողը եւ զայն օրհնել տալու նպատակով միայն խաղողը տարուեցաւ եկեղեցի, եւ զայն օրհնելու արարողութիւնը կը կատարէր եկեղեցին: Աւելի առաջ, այս արարողութիւնը կը կատարուէր հոգեւորականի մը կողմէ  կամ  այգիներուն մէջ, ուր հաւատացեալները կը հաւաքուէին: Քահանան կ'օրհնէր այգիին խաղողները: Սովորութիւն էր նաեւ թռչուններուն ալ բաժին հանել եւ այս նպատակով խաղողի ողկոյզները կը կախէին բարձր վայրերու վրայ:

Խաղողօրհնութեան ընթացքին քահանան եւ հաւատացեալները կը խնդրէին Տիրոջմէ որ օրհնէ պտուղները , մշակները , հողագործը,  խնդրելով առատ բերք եւ խորշակահար հողմերէն զերծ տարի:

Այս առթիւ, միաժամանակ կը խնդրենք բարեխօսութիւնը Սուրբ Մարիամի որ իր միջոցաւ մեզի տրուեցաւ կեանքի եւ անմահութեան պտուղը՝ Յիսուս Քրիստոս : Ամէնքս կը փափաքինք աղօթել եւ խօսիլ Սուրբ Կոյսին հետ։ Մարդիկ աւելի մօտ կը զգան Անոր, որովհետեւ հաւատարիմ եւ սիրելի անձ մըն է Ան,  միշտ մօտ՝ մեր ուրախութիւններուն եւ տխրութիւններուն։ Սուրբ Վարդարանի ուրախ եւ տխուր խորհուրդները Քրիստոսի յաղթական դուռն են։ Մենք ուխտաւորներ ենք եւ կը քալենք Յիսուսի խօսքերուն ցոյց տուած ճամբէն, որ  շնորհքի եւ ներողամտութեան ճամբան է :

Քրիստոս իր գալուստով  դարձեալ օրհնեց  բնութիւնը :  Սակայն բոլոր պտուղներէն աւելի օրհնեց խաղողի ողկոյզը , քանի որ Տէրը խաղողի որթատունկը ամենազօրաւոր ծառերէն աւելի բարձր դասեց  եւ պատուեց զայն առաւել քան միւս տնկիները՝  ինքզինք  խաղողի որթ անուանելով՝ ըսելով. «Ես եմ ճշմարիտ որթատունկը » ( Յովհաննէս 15:1 ):

Արդարեւ, Խաղողն էր   որ վերջին ընթրիքին գինիի տեսքով ծառայեց Քրիստոսին որպէս խորհրդանիշ Անոր Սուրբ Արեան: Տէրը վերցնելով գինին , օրհնեց եւ ըսաւ . « Խմեցէ՛ք ասկէ ամէնքդ,   որովհետեւ ասիկա իմ արիւնս է նոր Ուխտին» ( Մտթ 26,28 ) :

 








All the contents on this site are copyrighted ©.