2017-08-12 09:12:00

Հալէպ. վերաօծում ազգ. գերեզմանատան «Ս. Հռիփսիմէ» մատրան


Սուր­ի­ա­կան տագ­նա­պին եւ աւե­րիչ պա­տե­րազ­մին հե­տե­ւան­քով վնաս­ուե­ցան գե­րեզ­մա­նա­տու­ներ, որոնց կար­գին է հա­յոց Ազգ. գե­րեզ­մա­նա­տու­նը: Ըն­կալ­եալ սո­վո­րու­թեամբ եւ ծի­սա­կան աւան­դու­թեամբ, երբ եկե­ղե­ցի մը պա­տե­րազ­մի պայմաններու մէջ կը յայտնուի եւ ան­վա­յել ու ահա­բեկ­չա­կան վայ­րա­գու­թեանց կ՛են­թարկ­ուի, անհ­րա­ժեշտ կը դառ­նայ անոր վե­րա­օ­ծու­մը, ինչ­պէս որ անհ­րա­ժեշտ դար­ձաւ վե­րա­դա­սա­ւո­րու­մը եւ վե­րա­շի­նու­թիւնը գե­րեզ­մա­նա­տան:

Հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ Բեր­իոյ Հա­յոց Թե­մի Առաջ­նորդ Գերշ. Տ. Շա­հան Սրբ. Արք. Սար­գիս­եա­նի, Չո­րեք­շաբ­թի, 9 Օգոս­տոս 2017-ի առա­ւօ­տուն եկե­ղե­ցա­կան դա­սը, յա­ւուր պատ­շա­ճի զգես­տա­ւոր­ուած, քա­հա­նայ հայ­րե­րու եւ «Շո­ղա­կաթ»ի դպ­րու­հի­նե­րու ու հա­ւա­տաց­եալ­նե­րու ներ­կա­յու­թեան, «Ու­րախ Լեր» շա­րա­կա­նի եր­գե­ցո­ղու­թեամբ, թա­փօ­րով ուղղ­ուե­ցաւ դէ­պի մատ­րան դա­սը: Առաջ­նորդ Սր­բա­զան Հայ­րը եկե­ղեց­ւոյ դա­սին մէջ կանգ­նած «Մայր Մաշ­տո­ցէն» հեր­թա­բար կար­դաց սուրբ գրա­յին հատ­ուած­ներ եւ Սաղ­մոս­ներ, ապա շա­րա­կան­ներ հն­չե­ցին: Առաջ­նորդ Սր­բա­զան Հայ­րը կա­տա­րեց խո­րա­նի եւ Ս. Սե­ղա­նի լուա­ցումն ու օծու­մը (ջու­րով, գինի­ով եւ Ս. Միւ­ռո­նով):

Օծ­ման հան­դի­սա­ւոր արա­րո­ղու­թե­նէն ետք, սր­բա­գործ­ուած մատ­րան մէջ Անդ­րա­նիկ Ս. Պա­տա­րագ մա­տու­ցեց Արժ. Տ. Եզ­նիկ Քհնյ. Զղ­ջան­եան, յըն­թացս Ս. եւ Ան­մահ Պա­տա­րա­գին Առաջ­նորդ Սր­բա­զան Հայ­րը ար­տա­սա­նեց յու­զում­նա­խառն իր հո­գե­ւոր խօս­քը: Սր­բա­զա­նը ըսաւ «Գո­հու­թիւն եւ փառք կը վե­րա­ռա­քենք Աս­տու­ծոյ, որ մեզ այս առա­ւօտ ար­ժա­նի դար­ձուց հա­ւատ­քի խոր­հուր­դը մարմ­նա­ւո­րողայս մա­տու­ռը վե­րա­օ­ծե­լու: Եր­կար ընդ­մի­ջու­մէ ետք, այ­սօր, պա­տե­րազ­մի, բռ­նու­թեան օրե­րը ան­ցած են, մենք օրհն­ուե­ցանքեւ հա­ւա­քա­կան աղօթ­քի ճամ­բով վերս­տին օծե­ցինք մեր սր­բապղծ­ուած այս մա­տու­ռը, որ­պէս­զի մեր ժո­ղո­վուր­դի զա­ւակ­նե­րըկա­րե­նան աղօթք բարձ­րաց­նել մեր սի­րե­լի նն­ջեց­եալ­նե­րու հո­գի­նե­րուն փր­կութ­եան հա­մար:

Այ­սօր Ս. Հռիփ­սի­մէ այս մատ­ուռը նա­եւ «Ս. Յա­րու­թիւն» անու­նով կն­քե­ցինք, որ­պէս վկա­յու­թիւն յա­րուց­եա­լով ապ­րե­լու եւյայ­տա­րա­րե­լու, որ­պէս ոգիի ստեղ­ծա­գոր­ծութ­եան գե­ղե­ցիկ ար­տա­յայ­տու­թիւն: Ան նա­եւ գե­ղեց­կա­գոյն յու­շար­ձանն էանոնց, որոնք դար­ձան զո­հը եւ նա­հա­տակ­ուե­ցան ահա­ւոր պա­տե­րազ­մին:

Անց­նող տա­րի­նե­րուն հա­լէ­պա­հա­յու­թիւնը բազ­մա­թիւ կո­րուստ­ներ ու­նե­ցաւ ոգե­ղէն, հո­գե­ղէն եւ նիւ­թա­կան, սա­կայն անորհա­ւատ­քը բնաւ չտ­կա­րա­ցաւ»:

Առաջ­նորդ Սր­բա­զան Հայ­րը իր պատ­գա­մի աւար­տին գնա­հա­տա­կան խօսք ուղ­ղեց բո­լոր անոնց, որոնք որե­ւէ ձե­ւով աջակ­ցե­ցան Ազգ. Գե­րեզ­մա­նա­տան վե­րա­կանգ­նու­մի աշ­խա­տանք­նե­րուն:

Սր­բա­զան Հայ­րը խա­ղա­ղութ­եան աղերս բարձ­րա­ցուց առ Աստ­ուած` հայ­ցե­լով որ Քրիս­տո­սի սէրն ու խա­ղա­ղու­թիւնը սփռ­ուի ամ­բողջ աշ­խար­հին, ու մա­նա­ւանդ Սուր­ի­ա­կան Հայ­րե­նի­քին, եւ Աս­տու­ծոյ լոյ­սը լու­սա­ւո­րէ հա­մայն մարդ­կութ­եան միտ­քը եւ հո­գին, որ­պէս­զի մնա­յուն խա­ղա­ղու­թիւն եւ վե­րա­կանգ­նում տե­ղի ու­նե­նայ Սուր­ի­ա­կան Հայ­րե­նի­քին մէջ:

Ս. Պա­տա­րա­գի աւար­տին Առաջ­նորդ Սր­բա­զան Հօր նա­խա­գա­հու­թեամբ կա­տար­ուե­ցաւ հա­ւա­քա­կան հո­գե­հանգստ­եան արա­րո­ղու­թիւն Սուր­իոյ նա­հա­տակ­նե­րուն եւ ազ­գիս հա­մօ­րէն նն­ջե­ցե­լոց:

Վե­րա­օծ­ման արա­րո­ղու­թիւնը աւար­տե­ցաւ Աս­տու­ծոյ ողոր­մութ­եամբ, հա­ւա­տաց­եալ­նե­րու յու­զում­նա­խառն եւ բերկ­րա­լից ապ­րում­նե­րուն ներ­քեւ:

Այս­տեղ իբ­րեւ կա­րե­ւոր տե­ղե­կանք կ՛ար­ձա­նագ­րենք մատ­րան պատ­մու­թիւնը:

Հա­լէ­պի Ազգ. Գե­րեզ­մա­նա­տան հիւ­սիս արեւմտ­եան կող­մը կը գտն­ուի Ս. Հռիփ­սի­մէ մա­տու­ռը, որուն պաշ­տօ­նա­կան հիմ­նար­կէ­քը կա­տար­ուած է 30 Դեկ­տեմ­բեր 1962-ին, նա­խա­գա­հու­թեամբ օր­ուան Առաջ­նորդ Ղե­ւոնդ Արք. Չէ­պէ­եա­նի, իսկ կա­ռուց­ուած է 1970-ին արդ­եամբ հա­լէ­պա­հայ Գա­րե­գին Եղ­իայ­եա­նի: Մա­տու­ռը վե­րա­նո­րոգ­ուած է 1988-1989-ին:

Յի­շա­տակն ար­դա­րոց օրհ­նութ­եամբ եղի­ցի:








All the contents on this site are copyrighted ©.