2017-08-12 12:30:00

''Երիտասարդներ` Եկեղեցւոյ յոյսն էք, Մասնակցեցէք Սիւնհոդոսին'' Ֆրանչիսկոս Պապին թուիթը։


(Ռատիօ Վատիկան) Այսօր 12 օգոստոսին կը նշուի  ՄԱԿ-ի կողմէ 1999-ի դեկտեմբեր 17-ին հաստատուած` Երիտասարդութեան Միջազգային օրը։

Այս առթիւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հրապարակեց թուիթ մը որուն մէջ հաստատեց թէ Երիտասարդները Եկեղեցւոյ ապագան եւ յոյսն են­, հրաւէր ուղղելով երիտասարդներուն իրենց մասնակցութիւնը բերելու իրենց նուիրուած եւ 2018-ի հոկտեմբերին ձեռնարկուած եպիսկոպոսական սիւնհոդոսին որուն նիւթն է ''Երիտասարդները, հաւատքը եւ կոչումի զատորոշումը'', ապա թուիթին աւարտին զետեղեց ''կապը'' (#sinodo18! goo.gl/WghUvl) սիւնհոդոսի հարցարանին։ 

Անցեալ 13 յունուարին Սիւնհոդոսի նախապատրաստական աշխատանքային թղթածրարի ներկայացումի առթիւ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը պատգամ մը յղած էր աշխարհի բոլոր երիտասարդներուն որուն մէջ ընդգծած էր թէ ''աւելի լաւ աշխարհ մը կը կառուցուի շնորհիւ ձեզի (երիտասարդներուդ), ձեր փոփոխութեան ցանկութեան ու ձեր առատաձեռնութեան։  Մի վախնաք ունկնդրելու Սուրբ Հոգիին ձայնը որ ձեզի կը թելադրէ ըլլալ արի եւ քաջ, մի վարանիք երբ ձեր խիղճը ձեզմէ կը պահանջէ արկածախնդրութիւն` հետեւելու համար Վարդապետին''։

Եկեղեցին եւս, կը գրէ Նորին Սրբութիւնը վերոնշեալ պատգամին մէջ, կը ցանկայ լսել ձեր ձայնը, ձեր զգայնութիւնը ու ձեր հաւատքը նոյնիսկ ձեր տարակոյսներն ու ձեր քննադատութիւնները։ Լսելի դարձուցէք ձեր աղաղակը, թոյլ տուէք որ ան արձագանքէ ձեր հասարակութիւններէն ներս ու զայն հասցուցէք ձեր հովիւներուն''։

''Սիրելի երիտասարդներ, դուք Եկեղեցւոյ յոյսն էք։ Ինչպէ՞ս կ՛երազէք ձեր ապագան։ Մասնակցեցէք սիւնհոդոսին #sinodo18! goo.gl/WghUvl.'' Գրեց Նորին Սրբութիւնը 12 օգոստոսին հրապարակած թուիթին մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.