2017-08-11 13:30:00

Ֆրանչիսկոս Պապի 11 օգոստոսի թուիթը. «անսանք Յիսուսի ձայնին»


«Ռատիօ Վատիկան» Ասիզզի Սրբուհի Քիարայի տօնին առթիւ, ուրբաթ, 11 օգոստոս 2017-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հրապարակեց նոր թուիթ մը, որուն մէջ յորդորեց, որ մեր կեանքի դժուար պահերուն անսանք Յիսուսին ձայնին, որ մեզ կը քաջալերէ  յառաջ  ընթանալու առանց վախի։

«Երբ որ բան մը ունինք, որ մեզ կը տառապեցնէ, մեր սրտին մէջ մտիկ ընենք Յիսուսի ձայնին. մի վախնար, յառաջ գնա ես քու հետդ եմ»։  Գրեց Ֆրանչիսկոս Պապ իր թուիթին մէջ։  








All the contents on this site are copyrighted ©.