Վանի հայկական եկեղեցիներէն մէկուն պատկանող հնագոյն զանգը, որ անյայտ պատճառներով յայտնուած է Իրանի հիւսիս-արեւմուտքը, պիտի վերադարձուի Աղթամարի Սուրբ Խաչ եկեղեցիին: Այս մասին, ըստ Artsakhpress.am-ի, կը յայտնեն թրքական լրատուամիջոցները:
Amedtoday.org կայքին փոխանցած տեղեկութիւններով` 629 տարուան պատմութիւն ունեցող զանգը ներկայիս ցուցադրուած է Իրանի Ուրմիա քաղաքի պատմութեան թանգարանին մէջ:
Իրանը պատրաստ է մօտ 7-դարեայ պատմութիւն ունեցող զանգը վերադարձնելու Աղթամարի Սուրբ Խաչ եկեղեցիին:
Օգոստոս 9-ին իրանի մշակութային ժառանգութեան, ձեռարուեստի եւ զբօսաշրջութեան կազմակերպութեան նախագահի տեղակալ Միրհատի Գարեսէյյէտ-Ռոմիանին նշած է. «Մենք Իրանի մէջ գտնուող բոլոր պատմական յուշարձանները եւ աշխատանքները անոնց ծագման երկիրներուն յանձնելու քաղաքականութիւն սկսած ենք»:
Իրանցի պաշտօնեան յոյս յայտնած է, որ այս գործընթացը աշխարհին եւ ողջ մարդկութեան ցոյց պիտի տայ, որ Իրանը իսկապէս բարիդրացիական երկիր է:
Amedtoday.org կայքը նաեւ կը նշէ, որ զանգը 1377 թուականի Յուլիս 7-ին տրուած է Վանի Սբ. Մարիամ եկեղեցիին, պատերազմներու ժամանակ անյայտ պատճառներով հասած է Իրան եւ մինչ օրս կը գտնուի Ուրմիոյ պատմութեան թանգարանին մէջ:
All the contents on this site are copyrighted ©. |