2017-08-11 10:58:00

Մաքսանենգները Եմէնի ափերուն մօտ ծով նետած են 180 գաղթականներ


Գաղթի միջազգային կազմակերպութիւնը կը հաղորդէ, որ երէկ մաքսանենգներ Եմէնի ափերուն մօտ ծով նետած են գաղթականներ, որոնցմէ շատեր խեղդուած են:

ՄԱԿ կը հաղորդէ, թէ մաքսանենգները, որոնք գաղթականներու ապօրինի փոխադրումներ կը կազմակերպեն, 180 գաղթականներու ստիպած են նաւէն ծով ցատկել: Խեղդուած են 5 անձեր, 50 ուրիշներու ճակատագիրը կը մնայ անյայտ:

Մէկ օր առաջ մաքսանենգները Սոմալիէն ու Եթովպիայէն աւելի քան 120 գաղթականներու ստիպած էին նաւէն ծով նետուիլ, որովհետեւ իրենց թուացած է, թէ Եմէնի ափերուն մօտ պահակ կանգնած են ոստիկաններ: ՄԱԿ-ի տուեալներով` խեղդուած է շուրջ 50 մարդ:








All the contents on this site are copyrighted ©.