2017-08-10 11:21:00

Գերապայծառ Թոմազի կը զգուշացնէ. «երկխօսութիւն` կամ հիւլէական զէնքի վտանգ»


«Ռատիօ Վատիկան» ՄԱԿ-ի մօտ Սուրբ Աթոռի երբեմնի մնայուն դէտ` Գերապայծառ Թոմազի, Վատիկանի Ռատիոկայանի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին, արտայայտուելով ԱՄՆ-ի եւ հարաւային Քորէայի միջեւ վերջերս սրած դիւանագիտական վատ կապերուն մասին շեշտեց, թէ «որպէս քրիստոնեաներ պէտք ենք ընթանալ խաղաղութեան ուղիին վրայէն ու ամրապնդել հանրային մշակոյթն ու դաստիարակութիւնր, թէ հիւլէականի  սպառնալիքէն  կարելի է պաշտպանուիլ՝ լոկ աթոմական զէնքերու վերացումով։

Գերապայածառ Թոմազի ապա հաստատեց,  թէ Ֆրանչիսկոս Պապ մօտէն եւ մտահոգութեամբ կը հետեւի սոյն կացութեան դիտել  տալով թէ «մէկ կողմէն կ՛աճի իրազեկութիւնը աթոմական ռումբերուն կործանիչ իրողութեան նկատմամբ, որ չի խնայեր ոչ մի մարդ, միւս կողմէն սակայն՝ կան մարդիկ եւ երկիրներ, որոնք կը դիմեն զէնքի»։  Ան վերյիշեց  համաշխարհային Բ պատերազմի հետեւանքները  անընդունելի նկատելով հիւլէական զէնքին օգտագործումը ապա հրաւիրեց  միջազգային  ընտանիքը  պաշտպանելու իւրաքանչիւր մարդու իրաւունքները, անհրաժեշտ նկատելով  բանակցութեան  ուղին։  

Հիմնուելով ՄԱԿ-ի մօտ իր ունեցած երկար տարիներու փորձառութեան վրայ  գերապծառ Թոմազի դժուար նկատելով հանդերձ կլոր սեղանի շուրջ  համախմբել  բազմաթիւ անձեր, որոնք ունին քաղաքական, ռազմավարական  տարբեր հեռանկարներ, վերանորոգեց հրաւէրը  որդեգրելու Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին առաջարկած   ներառումի  ռազմավարութիւնը։  Քահանայապետը, ըսաւ գերապայծառ  Թոմազի յստակ կը խօսի ոչ միայն զինավաճառը դատապարտելով այլ հակառակելով նաեւ՝ որպէս բանակցութեան միջոց  բռնութեան որդեգրումը, Ան կ՛ուզէ միջազգային հասարակութիւնը համոզել անիմաստ պատնէշներ չի բարձրացնելու այլ ըլլալու ներառող, գտնելու համար ուղիղ ճանապարհը հրաժարելով բռնութեան կիրարկումէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.