2017-08-10 10:11:00

20-24 օգոստոս Կարդինալ Փարոլին պաշտօնական այցելութեամբ կը մեկնի Մոսկուա։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Խաղաղութիւնը յստակ եւ հրամայական առաջնահերթութիւն է ըլլայ Ֆրանչիսկոս Պապին համար ըլլայ ինծի համար յատկապէս այս շրջանին երբ ականատես ենք ''լարուածութիւններու ու հակամարտութիւններու աճումին, աշխարհի զանազան վայրերու մէջ''։ Այսպէս արտայայտուած է Վատիկանի Պետական Քարտուղարը` 9 օգոստոսին լոյս տեսած, Իտալական Քորրիերէ Տէլլա Սէրա օրաթերթին հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին, ի տես յառաջիկայ 20-24 Ռուսիա կատարելիք հովուական ճամբորդութեան։ 

Ծիրանաւորը հաստատած է նաեւ թէ այցելութեան նպատակն է ''Սուրբ Աթոռի հետաքրքրութիւնը Արեւելեան Եւրոպայի տարածաշրջանի նկատմամբ, որ բացի մշակութային եւ կրօնական հարուստ աւանդութիւններէն ունի նաեւ կարեւոր դերակատարութիւն մը ցամաքամասի կայունութեան ու անոր միութեան ուղիով։

Կարդինալ Փարոլին մատնանշած է ապա թէ ''Եկեղեցին չի դադրիր քաղաքական պատասխանատուներուն կոչ ուղղելէ որպէսզի ազգային ու անձնական շահերը չի գերադասեն հասարակաց բարիքին ու միջազգային օրէնքի յարգանքին, ինչպէս նաեւ կը հրաւիրէ ազգերու միջեւ համաձայնութիւն ու համագործակցութիւն հաստատելու։ ''Այս գործելակերպի հիմքը միշտ երկխօսութիւնն է'' կը հաստատէ Կարդինալ Փարոլինը որ մատնանշելով նաեւ Միջին Արեւելքի մէջ բռնութեան կացութիւններուն կը շեշտէ թէ ''աշխարհի բոլոր հակամարտութիւնները Սուրբ Աթոռի ուշադրութիւնը կը ներգրաւեն ու այս մէկը ի յայտ կու գայ Սրբազան Քահանայապետին բազմաթիւ միջամտութիւններու ու Սուրբ Աթոռի այդ ուղղութեամբ որդեգրած ձեռնարկներու ընդմէջէն։ Այս առընչութեամբ Վատիկանի թիւ մէկ դիւանագէտը կը նշէ թէ Ռուսիոյ հանրապետութեան նախագահին հետ հանդիպումին առանցքը պիտի կազմէ խաղաղութեան փնտռտուքը։

Ակնարկելով հուսկ Համայն Ռուսիոյ Պատրիարք Կիւրեղ առաջինին հետ ունենալիք հանդիպումին` կարդինալ Փարոլին կը հաստատէ  թէ ինք որպէս Քահանայապետին համագործակից Օրթոտոքս Եկեղեցւոյ Պատրիարքին պիտի տանի Սրբազան Պապին եղբայրական ողջոյնները ու հանդիպման ընթացքին պիտի քննարկուին երկու եկեղեցիներու միջեւ համագործակցութեան ուղիներ հայող` հոգեւոր, մշակութային ու քաղաքական այժմէական հարցերուն։

Հարցազրոյցի աւարտին Պետական Քարտուղարը կը նշէ թէ իր ճամբորդութեան օրակարգին մէջ չկայ Ֆրանչիսկոս Պապին Մոսկուա այցելութեան մը յայտագրի քննարկումը սակայն յոյս կը յայտնէ որ  ''Աստուծոյ օգնութեամբ, իր այս այցելութիւնը սատարէ այդ ուղղութեամբ հետաքրքրութիւն արթնցնելու''։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.