2017-08-09 10:56:00

Ֆրանչիսոս Պապին կոչը ''Թող դադրին բռնութեան եւ ատելութեան որեւէ տեսակի արարքները''։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի 9 օգոստոս 2017-ին, Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ գլխաւորած հրապարակային ունկնդրութեան աւարտին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը նախ քան իր եզրափակիչ օրհնութիւնը շնորհելու ներկաներուն յատուկէն անդրադարձ կատարեց անցեալ կիրակի Նիճերիոյ մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչական արարքին կոչ ուղղելով դադարեցնել բռնութիւնները։ 

''Խոր  վիշտ ու ցաւ զգացի անցեալ կիրակի Նիճերիոյ մէկ եկեղեցւոյ մը մէջ տեղի ունեցած  ողբերգական արարքին ի լուր, ուր սպաննուեցան անմեղ անձեր - ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ նշելով թէ ''Այսօր եւս լուրեր հասան թէ Կեդրոնական Ափրիկէի մէջ եւս տեղի կ՛ունենան քրիստոնեաներու դէմ մարդասպան բռնութիւններ''։

''Կը մաղթեմ որ դադրին բռնութեան եւ ատելութեան որեւէ տեսակի արարքները եւ այլեւս չի կրկնուին այդպիսի ամօթալի ոճիրներ որոնք կը կիրարկուին պաշտամունքի վայրերու մէջ, այնտեղ ուր հաւատացեալներ կը համախմբուին աղօթելու համար'' - կոչ ուղղեց Սրբազան Քահանայապետը հրաւիրելով ներկաները մտածելու Նիճերիոյ եւ Կեդրոնական Ափրիկէի  եղբայրներուն եւ քոյրերուն եւ անոնց համար միասին աղօթելու ''ողջոյն քեզ Մարիամ'' Մարեմեան աղօթքը։








All the contents on this site are copyrighted ©.