2017-08-09 09:26:00

Վենեզուելայի մէջ լարուածութիւնը կը շարունակուի


Վենեզուելայի կառավարական պաշտօնեաները ազգային պահակագունդի զինուորականներու ընկերակցութեամբ ներխուժած են ընդդիմութեան վերահսկողութեան տակ գտնուող խորհրդարանի շէնք: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին կը յայտնէ երկրի խորհրդարանի կայքը:

«Նիստի աւարտէն ետք, պաշտօնեաներ Տելսի Ռոտրիկեզ, Տարիօ Վիվաս եւ Ֆիտել Վաքես գնդապետ Պլատիմիր Լուկոյի գլխաւորած ազգային պահակագունդի սպաներու մեծ խումբի մը ուղեկցութեամբ ներխուժած են Ազգային ժողովի պալատ, կոտրած դռները եւ յարձակած արձանագրութիւններու սրահին վրայ», նշուած է խորհրդարանի կայքին վրայ:

Խորհրդարանի տուեալներով` այդ պաշտօնեաները տարածքը յարմարցուցած են Սահմանադիր ժողովի հանդիպումին կայացման համար:

Յիշեցնենք, որ Վենեզուելայի Սահմանադիր ժողովի ընտրութիւնները տեղի ունեցան 30 յուլիսին: Ընտրութիւններուն ընթացքին արձանագրուեցան բախումներ, որոնց ընթացքին զոհուեցաւ աւելի քան տասը մարդ:

Միւս կողմէ, Վենեզուելայի ընդդիմադիր Ժողովրդավարական միասնութեան դաշինքը բողոքի համազգային ցոյց մը կազմակերպեց: Դաշինքի անդամ երեսփոխան Խուան Ռեքեսենս կառավարութեան քայլերուն բոլոր դէմ եղողներուն կոչ ուղղեց փակելու ճամբաները:

«Այս բռնատիրութիւնը կ՛ուզէ ամբողջ աշխարհին (Վենեզուելայի) կեղծ հանգստութիւն վաճառել», ըսած է Ռեքեսենս Ժողովրդավարական միասնութեան դաշինքի «Թուիթըր»-ի էջին վրայ հրապարակուած տեսաուղերձին մէջ: «Մենք պիտի շարունակենք դուրս գալ փողոց եւ բողոքել: Մենք շատ ենք թէ քիչ, սակայն 30 միլիոն վենեզուելացիներ չեն ուզեր Սահմանադիր ժողով»:

Նշենք, որ Ժողովրդավարական միասնութեան դաշինքը դեկտեմբեր 2015-ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն իր արձանագրած համոզիչ յաղթանակէն ի վեր կը վերահսկէ երկրի խորհրդարանին:








All the contents on this site are copyrighted ©.