2017-08-09 12:47:00

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ . Համբերել …


Համբերութիւնը  երկնատուր շնորհք մըն է,  երբեմն ան  կրնայ հատնիլ ու  ներքին տաղտուկ եւ անհամաձայնութիւն  յառաջացնել…

Երջանիկ տուներուն պատերը սովորական աղիւսներով չե՛ն հիւսուիր, ո՛չ ալ սովորական կիրով կը ծեփուին: Այլ՝ համբերութեան տոկուն քարերով կը պատուին, ու յաւերժական անխառն ուրախութեան ժպիտով գեղանկարուած կ’ըլլան: Համբերութիւնը անչափ է, եթէ իսկական համբերութիւն է: Չկա՛յ սահման իրա՛ւ համբերութեան, որովհետեւ անիկա «կեանք է», ինչպէս ըսուած է: Նոյնիսկ եթէ ոմանք առարկեն եւ անմիջապէս աւելցնեն, թէ՝ երկարատեւ համբերութիւնը «տանջանք է», համաձայն պիտի չըլլայինք, որովհետեւ այլեւս ատիկա համբերութիւն կարելի պիտի չըլլար կոչել:

Եբրայեցի ժողովուրդի անցեալի պատմութեան մէջ, Եգիպտոսէն ելքի ժամանակաշրջանին, երկար համբերութեան փորձառութիւն մը տրուեցաւ Աստուծոյ կողմէ: Համբերութիւն՝ մինչեւ խոստացուած երկիր անոնց մուտքը: Սակայն պատահեցաւ նաեւ անսպասելին: Բնականաբար ամբողջ ժողովուրդը միեւնոյն համբերութիւնը պիտի չունենար: Նոյնիսկ մէկ մարդու մէջ, համբերութիւնը երբեմն ինչքան վերիվայրումներ կ’ունենայ: Ուստի, ակնկալելի էին նաեւ դժուարութիւններ, երբ ամբողջ ժողովուրդ մը ճամբայ կը հանուէր դէպի անորոշին մէջ գտնուող երկիր մը, ուր Աստուած պիտի տանէր Իր ժողովուրդը:

Դժուարութիւններուն գլխաւորը, զոր ունեցաւ ժողովուրդը՝ համբերութեան պակասն էր: Համբերութեան ժխտումը կարելի է պարզապէս կոչել, պայքար մը՝ ՜՜համբերութեան դէմ բացուած՝՝:

Այսօրուան կեանքին մէջ, շատերուն այնպէս կը թուի, թէ «խոստացուած երկիր» երթալու համար նախապայման չէ «անապատէն անցնիլ»ը:

Արդեօք կա՞յ երջանկութիւն՝ առանց տառապանքի, կամ հանգիստ՝ առանց յոգնութեան, կամ ուրախութիւն՝ առանց նախընթաց արցունքի:

Մէկը միւսով պայմանաւորուած է այս կեանքին մէջ։

Ընտանեկան կեանքը եւս, մինչեւ ճշմարիտ երջանկութեան բարձրանալը, ունի վերավայրումներու գետին մը։

Կան մարդիկ, որոնք իրենց համբերութիւնը «մարզելու» համար, յաճախակի առիթներով ձկնորսութեան կ’երթան: Երբեմն անոնք ժամերո՜վ կը սպասեն աչքերնին յառած աննշան կարթին, որպէսզի ձուկ մը գայ, հոգ չէ թէ շատ փոքրի՜կ ձուկ մը, եւ խածնէ կարթին անցուած կերը, ու իրենք զայն վեր քաշեն քաջաբար: Իսկ միեւնոյն անձերը յաճախ տան մէջ չեն կրնար քանի մը երկվայրկեան համբերել, անմիջապէս պահանջելով որ ուրիշներ «խածնեն» կարթը ու բռնուին իրենց ձեռքերուն մէջ:

Համբերութիւնը յաճախ դառն կացութիւններ կը ստեղծէ մեզի համար, սակայն վստահ պէտք է ըլլալ, որ անոր պտուղները միշտ քաղցր են: Կրնանք անուս հողագործէն սորվիլ, թէ ինչ որ ցանես՝ նոյն օրը զայն չե՛ս կրնար հնձել, այլ ժամանակ պիտի տաս հունտին, պիտի համբերես մինչեւ որ անիկա ծիլ արձակէ, ցօղուն կազմէ, հասուննայ ու արդիւնք տայ: Համբերութիւնը բնութեան ընթացքին մաս կազմելով, մարդու բնութեան մէջ ալ ունի իր կարեւոր տեղը ու դերը: Պօղոս առաքեալն ալ մեր կրած բոլոր նեղութիւնները կը նկատէ աղբիւր համբերութեան, իսկ այս վերջինին պտուղը կը նկատէ՝ տոկունութիւնը եւ յոյսը, որ «երբեք ամօթով չի՛ ձգեր» կ’ըսէ (հմմտ. Հռ. 5.3):

Առանց ձկնորս ըլլալու, երբեմն ժամերով կը համբերես կարթին դիմաց, որպէսզի որեւէ՛ ձուկ մը, հասարակ ու անպէտ, բռնուի ու եղէգովդ դուրս բերես զայն գոհունակ սրտով: Արդեօ՞ք նոյն համբերութենէն նուազագոյն տոկոս մը չես կրնար տրամադրել, կեանքդ կարգաւորելու համար, երբեմն անխօս ու լուռ, ծովափի ժայռերուն նստած լուռ մենութեանդ նմանութեամբ: Թերեւս շատ մը հարցեր այսպիսով կարենաս լուծել…: Փորձէ՝…








All the contents on this site are copyrighted ©.