2017-08-09 07:12:00

Խաչեցեալի՝ Սրբուհի Թէրէզա Պէնէտէթթայի տօնը` կոյս եւ մարտիրոս, Եւրոպայի Պահապան։


 (Ռատիօ Վատիկան) 9  Օգոստոսին Կաթողիկէ Եկեղեցին կը տօնէ աւազանի անունով ''Edith Stein''` Խաչեցեալի՝  Սրբուհի Թէրէզա Պէնէտէթթայի տօնը­, որ պաշտպան սուրբն է  Եւրոպայի։ Նոյն օր կը նշուի նաեւ Անոր մահուան 74-րդ տարեդարձը։

Սրբուհի Թէրէզա Պէնէտէթթա ծնած էր Պրէսլավիա  12 Հոկտեմբեր  1891-ին՝   հրեայ  ծնողներէ։ Քրիստոնէական կրօնքը ընդգրկելէ ետք,  ան կը մտնէ Կարմեղեան միաբանութեան քոյրերու վանքը ու կ՛ընդունի Խաչեցեալի Թէրէզա Պէնէտէթթայի անունը։ Էտիթ Շթայն կրօնաւորուհին նաեւ՝ Փիլիսոփայ մըն էր,  Նացցիներու կողմէ ձերբակալուեցաւ, կրեց  երկրորդ աշխարհամարտի տխրահռչակ շրջանը, առանց սակայն կորսնցնելու իր յոյսը ''Կեանքի ու Սիրոյ Աստուծոյ'' վրայ։ Ան նահատակուեցաւ Աուշվիցի համակեդրոնացման ճամբարի մէջ` 9 օգոստոս 1942-ին։

Սուրբ ՅՊԲ՝  քահանայապետը, զինք խորաններու պատուոյն  բարձրացուց 1998-ի 11 հոկտեմբերին, ապա, մէկ տարի ետք, 1 հոկտեմբեր 1999-ին Շուետի Սրբուհի Պրիկիթայի եւ Սիենայի Սրբուհի Քաթերինայի հետ միասին  զինք հռչակեց Եւրոպայի Պաշտպան Սուրբ   հաստատելով թէ ''Այդ հռչակումը կը նշանակէ հին ցամաքամասի հորիզոնին վրայ զետեղել դրօշը` յարգանքի, հանդուրժողականութեան, եւ ընկալումի որ կը հրաւիրէ այր մարդիկն ու կիները իրար հասկնալու եւ զիրար հանդուրժելու, անկախ իրենց ցեղային, մշակութային եւ կրօնական տարբերութիւններէն, կազմելու համար ընկերութիւն մը որ ըլլայ իսկապէս եղբայրական''։ Երջանկայիշատակ Քահանայապետը ապա աւելցուցած էր Էտիթ Շթայն կանչուած է ներկայացնելու այն սրբութիւնը որ Եւրոպայի համար անոր անցեալի գաղտնիքն է ու անոր ապագայի յոյսը։








All the contents on this site are copyrighted ©.