2017-08-08 07:00:00

''Ուրախութեամբ լի պատգամաւոր մը'' Ֆրանչիսկոս Պապին Քոլոմպիայի ճամբորդութեան տաղը։


(Ռատիօ Վատիկան) «Ուրախութեամբ լի պատգամաւոր մը, ուղարկուած Տիրոջ կողմէ։ Եկուր անձրեւի նման՝ անապատի մէջ, տալով յոյս մեր ժողովուրդին։» Այս խօսքերով կը սկսի յառաջիկայ սեպտեմբերի 6-10, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի Քոլոմպիա կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան պաշտօնական տաղը։ Այցելութեան բնաբանն է «Կատարենք առաջին քայլը», նշելու համար հաշտութեան երթը, երկրի մը մէջ, որ 50 տարիէ աւելի պատառոտած էր Պոկոթայի եւ Քոլոմպիայի Յեղափոխական Զինեալ Ուժերու միջեւ տարուած քաղաքացիական պատերազմի պատճառաւ։

Հայր Ֆրանչեսքօ Պորթինիօն, ժողովրդապետ հիւսիսային Քոլոմպիայի Քուքութա քաղաքի, որ 21 տարիներէ ի վեր կը գործէ իբր միսիոնար, ըսած է՝ «Վերջապէս խաղաղութեան համաձայնագիր ստորագրուած է հակամարտող կողմերու միջեւ։ Կը մնայ սակայն Ազգային Ազատագրման Բանակի խմբակը, որուն հետ տակաւին բանակցութիւն կը տարուի։ Բանակցութեան ընթացքը դանդաղ է ըսած է Հ. Պորթինիօն ու նկատելով թէ նախորդ բանակցութիւններն ալ տեւած էին երկու տարի, կը յուսայ, թէ այս պարագային ալ պիտի յաջողին ստորագրել խաղաղութեան համաձայնագիրը։

«Միայն այսպէս կարելի է հասնիլ հանգիստ վիճակի մը եւ հրոսակային պատերազմի բացակայութեան» ըսած է Հ. Պորթինիօն։ «Սա կը նշանակէ ապահովութիւն, յոյս, այլ նաեւ տնտեսական աճ եւ զարգացում։»

Քոլոմպիայի կաթողիկէ Եկեղեցին միշտ աշխատած է հասնիլ խաղաղութեան. ան կը շարժի ուժեղ կերպով եւ ընկերային զգայնութեամբ՝ ընկերանալու խաղաղութեան այս գործընթացին։ Եկեղեցին, շատ մը թեմերու մէջ, յատկապէս այնտեղ ուր պատերազմը խոր վէրքեր բացած է, յառաջ կը տանի ընկերային նկարագիր ունեցող, կազմակերպչական եւ ղեկավարներու պատրաստութեան ձեռնարկներ, ինչպէս նաեւ գործարարային ձեռնարկներ՝ պատրաստելու համար մտայնութիւնը եւ խիղճը՝ ժողովրդավարական, ընկերակցական եւ արտադրողական կեանքի համար։

Սրբազան Պապի այցելութեան պատգամը պիտի ըլլայ «քրիստոնէական եւ աւետարանաշունչ». ան պիտի ըլլայ յոյսի եւ յառաջ ընթանալու պատգամը մը՝ քրիստոնէական վաւերական վկայութեամբ։ Այդ վկայութեան օրինակը պէտք է աւելի քան երբեք, այնպիսի պահի մը ուր, շրջապատուած ենք անհամար աղանդներէ, որոնք մօտ են «հմայութեան, կախարդութեան եւ երեւակայութեան» ըսած է միշտ Հ Պորթինիօ։








All the contents on this site are copyrighted ©.