2017-08-08 13:55:00

Սուրբ Կոյսին ազդեցութիւնը՝ Եկեղեցւոյ մէջ


Սուրբ Կոյսը կը պատկանի փրկչագործական պատմութեան երեք հանգրուաններուն.

Ա. նախ քան Քրիստոս

Բ. Քրիստոսի ապրած ժամանակաշրջանին

Գ. Քրիստոսէ ետք

 

Ա. նախ քան Քրիստոս

Սուրբ Կոյսը կ՛ամբողջացնէ Հին Կտակարանին նպատակը եւ այսպիսով զԻնք կը նկատենք որպէս լաւագոյն պատկերը՝ ընտրեալ ժողովուրդին, մանաւանդ երբ հրեշտակը զԻնք կ՛աւետէ՝ ըլլալու Փրկչին մայրը. Խորհրդաւոր մարմինը որ կը նշմարենք Հին Կտակարանին մէջ, ան Եկեղեցւոյ տեսանելի խորհուրդն է որ կը միացնէ Քրիստոսը՝ Իր Մօր, ինչպէս Եկեղեցին՝ Իր ժողովուրդին. Աստուած ուզեց որ այս հաղորդակցութիւնը որ կը գտնուի փրկուած մարդուն եւ իր միջեւ՝ իրականանայ հաւատքին եւ սիրոյ մէջ, հնազանդութեան եւ խոնարհութեան մէջ, ինչպէս նաեւ երկխօսութեան եւ իրար զիրար յստակ ճանաչումով:

 

Բ. Քրիստոսի ապրած ժամանակաշրջանին

Աւետարանիչները մեզի կը նկարագրեն շատ մը հատուածներ որուն մէջ կը գտնենք այն գեղեցիկ կապը որ կը գտնուի Սուրբ Կոյսին եւ Եկեղեցւոյ միջեւ. զոր օրինակ, երբ Ան զԱստուած կը փառաբանէ ըսելով. «Իմ անձս կը մեծարէ Տէրը, եւ իմ հոգիս կ՛ուրախանայ Իմ Փրկիչ Աստուծմովս»(Ղկ. 1, 46-47). Սուրբ Կոյսին աղօթքը համամիութենական է, որովհետեւ կը դառնայ Եկեղեցւոյ աղօթքը. Սուրբ Գիրքի մեկնաբանները, «Մեծացուսցէ»ն կը նկատեն որպէս հասարակութեան առաջին աղօթքը. Մոգերու երկրպագութիւնը՝ կ՛աւետէ աշխարհին դարձը. Ղուկաս աւետարանիչ կը նկարագրէ Սուրբ Կոյսին խոկումը, եւ թէ ինչպէս Ան խորապէս կը մտածէր պատահածներուն մասին եւ զայն կը պահէր իր յիշողութեանը մէջ «բայց Մարիամ, այս ամէն բաները կը պահէր, ու իր սրտին մէջ կը մտածէր»(Ղկ. 2, 19):

Կանայի հարսանիքին մէջ, կը տեսնենք թէ ինչպէս Սուրբ Կոյսը մարդոց համար կը բարեխօսէ Յիսուսին, եւ զանոնք կը հրաւիրէ հնազանդ գտնուելու այն հաւատքին մէջ՝ որ ունին Քրիստոսի հանդէպ (Յովհն. 2). Մարիամը արտաքսապէս անջատուած է Յիսուսէն, եւ այս վերջինս՝ որ շրջապատուած է տասներկուքով, կը կազմեն Եկեղեցւոյ Նուիրապետութիւնը. Այս անջատուած վիճակին մէջ, Մարիամ կը կանխէ այն ինչ որ Եկեղեցին պիտի ապրէր Յարութենէն ետք՝ խորացնելով Իր կապը Իր զաւակին հետ, եւ որ այդ մէկը, այսօր, կը տրուի խորհրդապէս հաւատքին մէջ եւ ոչ եւս զգացական միջոցով:

Գողգոթայի մէջ, Քրիստոսի մահուան փորձառութիւնը կը ճմլէ Անոր սիրտը. Գողգոթան նաեւ այն պահն է ուր Մարիամը՝ մայրն է առաքեալին (Յովհն. 19, 25-26). ինչպէս Սիովնի դուստրը, Ան կը ծնանի նոր ժողովուրդ մը (Ես. 66, 7). նման Եւային, Կայէնին կողմէ սպաննուած իր Աբել որդիին մահէն ետք, կը ծնանի նոր որդի մը (Ծնդ. 4, 25). Մարիամ կը կանխէ նաեւ Եկեղեցւոյ մայրութիւնը՝ ուրտեղ կը ծնանի ուրիշ որդիներ՝ ջուրէն եւ Հոգիէն (Յովհն. 19, 30-34). մենք կը վերագտնենք Մարիամին մշտական ներկայութիւնը առաքեալներուն կողքին՝ Վերնատան մէջ. Հոգին կ՛իջնէ հասարակութեան վրայ, այնպէս ինչպէս իջաւ Մարիամին վրայ՝ Աւետման պահուն. եւ ինչպէս Հոգին առաջնորդեց մարիամը Յուդայի լեռներուն ընդմէջէն որպէսզի Տէրը տանի Իր ճամբան պատրաստողին (Ղուկ. 1, 35-39), նոյնպէս ալ Ան կ՛առաջնորդէ Եկեղեցին որպէսզի Ան Տէրը տանի աշխարհի չորս ծագերուն:    

 

Գ. Քրիստոսէ ետք

Շնորհքին ամբողջականութիւնը եւ Մարիամին սրբութիւնը կը հարստացնէ ներքին խորհրդաւոր մարմինը եւ կը համագործակցի՝ հրաշալի աւետարանացման կարեւորութեանը: Եւ վերջապէս, օր մը որ պատմութիւնը չարձանագրեց, Մարիամը միացաւ վերջնականապէս Յարուցեալ Քրիստոսին. Ան Դարձաւ նշան մը երկինքին մէջ, եւ կանխեց Եկեղեցին իր փառաւորութեանը մէջ:

Կարելի չէ ամփոփել Մարիամին կապը Եկեղեցիին հետ մէկ նախադասութեամբ. Մարիամին անձնաւորութիւնը, Իր հաւատքի հնազանդ ապրելակերպը, Իսրայէլը կը դառնայ Տիրոջ Եկեղեցին. Մարիամը կը հասնի Եկեղեցինէ առաջ, զինք կը կանխէ ու զինք կ՛ընդգրկէ, ինչպէս հատիկ մը՝ որ կ՛ընդգրկէ իր մէջ ամբողջ բոյս մը:

Հոգեգալոստին, Մարիամը մին էր 120 էն (Գործք. 1, 15), մին 3000 էն (Գործք. 2, 41). Ան անդամ մըն է Եկեղեցիէն ուր կը յայտնուի առաքեալներուն դերին կարեւորութիւնը:

Գործող Եկեղեցին, հաղորդակցութեան մէջ է Քրիստոսի հետ. Ան զԻնք կը ներկայացնէ, կ՛աշխատի Իր անունով մինչեւ այն ատեն որ կը գոյատեւէ այս մեր երկրաւոր աշխարհին պատկերը. կեանքի հաղորդակցութիւնը Մարիամին եւ Եկեղեցւոյ միջեւ, որ նաեւ կոչուած է Աստուածաբանական էական հաղորդակցութիւն, բնաւ երբեք վերջ պիտի չունենայ:     








All the contents on this site are copyrighted ©.