2017-08-08 10:14:00

Պատերազմի ամենադաժան օրերուն «Գանձասար»-ը մէկ ժամով իսկ չէ դադրեցուցած իր աշխատանքը


ՀՀ սփիւռքի նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեան Յուլիս 31-ին ընդունեց Սուրիոյ Հալէպ քաղաքի «Գանձասար» շաբաթաթերթի վարչական պատասխանատու Գէորգ Ապահունին: Այս մասին կը հաղորդէ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մամուլի վարչութիւնը։

Ջերմօրէն ողջունելով հիւրը` Սերժ Սրապիոնեան իր հիացմունքը արտայայտեց «Գանձասար»ի նուիրեալ խմբագրակազմի գործունէութեան վերաբերեալ, յիշեց, որ ծանր, պատերազմական իրավիճակին թերթի անխափան տպագրութիւնն ու կայքի աշխուժութիւնը կը վկայեն աշխատակիցներու խիզախութեան, ուժեղ կամքի մասին: «Դուք իսկական առաքեալներ էք, աւերակներու մէջ ապրող ու գործող բոլոր սուրիահայերը հերոսներ են, մեր ժամանակներու հայ հերոսները, որոնց գերխնդիրը համայնքի սիւները` եկեղեցին, դպրոցը եւ թերթը պահպանելն է», ըսաւ նախարարի տեղակալը: Ան յայտնեց նախարարի եւ ամբողջ նախարարութեան պատրաստակամութիւնը` աջակցելու «Գանձասար»-ի աշխատակազմին:

Նախարարի տեղակալը կարեւոր համարեց եւ բարձր գնահատեց թերթի խմբագիրին` Զարմիկ Պօղիկեանին գործունէութիւնը, անոր ոգեւորող, համայնքին յոյս ու լաւատեսութիւն հաղորդող խմբագրականները, որոնք մեծ ոգեւորութեամբ կը կարդան նաեւ Հայրենիքի մէջ:

Գէորգ Ապահունին շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան համար եւ նշեց, որ պատահաբար մասնակցելով «Արի տուն» ծրագիրի 7-րդ փուլի բացման արարողութեան` հիացաւ սփիւռքահայ երիտասարդներու խանդավառութեամբ, ուժ ստացաւ դահլիճի դրական առողջ ու կենարար մթնոլորտէն:

Անդրադառնալով Սուրիոյ մէջ տիրող իրավիճակին, հայ համայնքի բազմաթիւ խնդիրներուն, Գէորգ Ապահունին նշեց, որ, հայութեան արտահոսքին զուգընթաց` կը նուազի «Գանձասար»-ի տպաքանակը, 1500-էն հասնելով 600-ի, չափազանց կը դժուարանայ թուղթի ձեռքբերումը աշխատանքի կազմակերպումը, կապի ապահովումն ու կայքի անխափան գործունէութիւնը: Այսուհանդերձ 25 տարուան պատմութիւն կերտած «Գանձասար»ը պատերազմի ամենադաժան օրերուն մէկ ժամով իսկ չէ դադրեցուցած իր աշխատանքը: Խմբագրակազմը տեղէ տեղ տեղափոխուած է, յաղթահարած բոլոր դժուարութիւնները, բայց թերթը անընդմէջ լոյս տեսած է:








All the contents on this site are copyrighted ©.