2017-08-08 10:07:00

Հիւսիսային Քորէա «բիրտ ոտնձգութիւն» որակեց ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի պատժամիջոցները։


Հիւսիսային Քորէա երէկ դատապարտեց ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին կողմէ իրեն դէմ հաստատուած պատժամիջոցները` ընդգծելով, որ ամերիկեան սպառնալիքներու շարունակութեան պարագային պիտի չբանակցի իր հիւլէական զէնքերուն շուրջ:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ռեքս Թիլըրսըն յայտնած էր, որ պատրաստ է Փիոնկիանկի հետ երկխօսութիւն կատարելու, եթէ վերջինս դադրեցնէ հրթիռներու փորձարկումը:

Փիոնկիանկ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով` ընդգծեց. «Չկայ աւելի մեծ սխալ մը, քան Միացեալ Նահանգներու այն կարծիքը, թէ ովկիանոսէն անդին գտնուող իրենց հողերը ապահով են»:

Հիւսիսային Քորէա յայտնեց, որ Ապահովութեան խորհուրդին հաստատած վերջին պատժամիջոցները իր գերիշխանութեան դէմ «բիրտ ոտնձգութիւն» են, եւ անոնց պիտի հակադարձէ «պատշաճ ձեւով»:

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը 5 օգոստոսին որդեգրած էր որոշում մը, որ կը խստացնէ Հիւսիսային Քորէայի դէմ հաստատուած պատժամիջոցները: Նոր պատժամիջոցները Հիւսիսային Քորէայի կ՛արգիլեն արտածել ածուխ, երկաթ, կապար եւ ծովամթերքներ, երկրին արտաքին առեւտուրի դրամատնային հաշիւները կը սառեցուին, ՄԱԿ-ի բանաձեւերը խախտող հիւսիսային քորէական նաւերուն կ՛արգիլուի մուտք գործել բոլոր պետութիւններու նաւահանգիստները:

Միւս կողմէ, «Ռոյթըրզ»` վկայակոչելով Սպիտակ տան հրապարակած յայտարարութիւնը, հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ եւ Հարաւային Քորէայի նախագահ Մուն Ժէ Ին հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին Հիւսիսային Քորէան համարած են «աշխարհի մեծ մասին համար աճող սպառնալիք»:

«Երկու ղեկավարներն ալ հաւաստած են, որ Հիւսիսային Քորէան լուրջ եւ աճող ուղղակի սպառնալիք կը հանդիսանայ Միացեալ Նահանգներու, Հարաւային Քորէայի եւ Ճափոնի համար, ինչպէս նաեւ` ամբողջ աշխարհի երկիրներու մեծամասնութեան», յայտարարած է Սպիտակ տունը:








All the contents on this site are copyrighted ©.