2017-08-08 09:56:00

Երեւանի մէջ ոգեկոչած են Հիրոշիմայի եւ Նակազաքիի հիւլէական ռմբակոծումի զոհերուն յիշատակը։


Երեւանի քաղաքապետարանի աշխատակազմի մշակոյթի վարչութեան պետ Ռուբէն Յովհաննիսեան եւ Հայաստանի մէջ Ճափոնի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Էյճի Թակուչի ներկայ գտնուած են մայրաքաղաքի մանկական զբօսայգիին մէջ տեղադրուած Խաղաղութեան ուխտի յուշաքարին մօտ Հիրոշիմայի եւ Նակազաքիի հիւլէական ռմբակոծումի զոհերուն յիշատակին նուիրուած արարողութեան:

Իր խօսքին մէջ մշակոյթի վարչութեան պետը նշած է, որ Երեւանի քաղաքապետարանը խստօրէն կը դատապարտէ 72 տարի առաջ ճափոնական քաղաքներու հիւլէական ռմբակոծումը, որուն զոհ  գացած են տասնեակ հազարաւոր մարդիկ: Ռուբէն Յովհաննիսեան նաեւ երեւանցիներուն ցաւակցութիւնը յայտնած է ճափոնցի բարեկամ ժողովուրդին:

Ան երկու ժողովուրդներու բարեկամութեան վառ օրինակ նկատած է քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանի յանձնարարութեամբ նշեալ  զբօսայգիին մէջ տեղադրուած յուշաքարը եւ աւելցուցած, որ հայ եւ ճափոնցի ժողովուրդներու բարեկամութեան ուշագրաւ դրսեւորումներէն էր նաեւ Երեւանի քաղաքապետարանի «Փոքրիկ երգիչներ» երգչախումբի փայլուն համերգաշարը ճափոնական քաղաքներուն մէջ, ուր հայ պատանիները ելոյթներ ունեցած են  ճափոներէնով: Ողբերգութեան տարելիցին նուիրուած արարողութեան ժամանակ յիշատակի խօսք արտասանած են նաեւ Հայաստանի մէջ Ճափոնի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Էյճի Թակուչի` հայերէնով, եւ «Հիքարի» կեդրոն հասարակական կազմակերպութեան նախագահ Կարինէ Փիլիպոսեան:

Աշխարհին մէջ իբրեւ խաղաղութեան պահպանման իւրայատուկ կոչ` յուշաքարին դրուած են թուղթէ կռունկներ, ինչպէս նաեւ խաղաղութեան խորհրդանիշ թռչուն` թեւերուն պատկերուած Հայաստանի եւ Ճափոնի  պետական դրօշները: Խաղաղութեան «հայկու»-ներով (ճափոներէնով` բանաստեղծական չափի հասկացողութիւն, «Ա.») պատրաստուած ու լոյս ընծայուած գրքոյկներու մէկական օրինակներ ալ յանձնուած են Ռուբէն Յովհաննիսեանին եւ ԷյՃի Թակուչիին:

Նշենք նաեւ, որ Խաղաղութեան ուխտի յուշաքարը Երեւան բերուած է 2014-ին` Հիրոշիմայէն, իսկ Երեւանի քաղաքապետարանի կողքին գտնուող այգիին մէջ յիշատակի այդ անկիւնը ստեղծելու համար Հիրոշիմայի քաղաքապետը շնորհակալական ուղերձ յղած էր Երեւանի քաղաքապետին:








All the contents on this site are copyrighted ©.