2017-08-07 08:52:00

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը Ասիայի Երիտասարդներուն։


(Ռատիօ Վատիկան) Ասիոյ Երիտասարդութեան Միջազգային եօթներորդ օրը եզրափակուեցաւ հանդիսական արարողութեամբ մը, Եոյճաքարթայի զինուորական օդակայանին մէջ։ Ձեռնարկին մասնակցած էին ցամաքամասի 21 երկիրներ, աւելի քան երկու հազար երիտասարդներով։ Բացումը կատարուած էր Սուրբ Պատարագով, որուն մասնակցած էր նաեւ Ինտոնեզիայի փոխ նախագահ՝ Եուսուֆ Քալլա։

Արարողութեան ընթացքին կարդացուած է Սրբազան Քահանայապետի պատգամը, զոր ստորագրած էր Վատիկանի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին։ Սրբազան Պապը պատգամին մէջ կը յորդորէ Ասիոյ երիտասարդները, որ միշտ աւելի մեծ ուշադրութեամբ ունկնդրեն Տիրոջ կոչին եւ հաւատքով եւ քաջութեամբ պատասխանեն իրենց անձին ուղղուած կոչին։ Հետեւաբար ան կը հրաւիրէ երիտասարդները որ ներշնչուին Աստուածածնէն՝ աշակերտներ եւ առաքեալներ ըլլալու իրենց կեանքին մէջ, միշտ վստահելով անոր սիրալիր բարեխօսութեան։ Երեք տարի վերջ այդ երիտասարդները պիտի հաւաքուին Ասիոյ այլ երկրի մը մէջ, ուր անոնցմէ շատեր արդէն գտած պիտի ըլլան իրենց անհատական ճանապարհը, շատեր տակաւին փնտռտուքի մէջ պիտի ըլլան, սակայն անոնց բոլորին համար Ասիոյ Երիտասարդութեան Օրը պիտի ըլլայ որոշիչ, ինչպէս կը բացատրէ Կարդինալ Լուիզ Անթոնիօ Թակլէ, Ֆիլիփփինեան Կղզիներու Մանիլա քաղաքի արքեպիսկոպոսը, եւ նախագահ Միջազգային Քարիթասի։

Պատասխանելով լրագրողներու հարցումներուն, Կարդինալ Թակլէ ըսած է, թէ այս երրորդ անգամն է, որ կը մասնակցի Երիտասարդութեան Օրուան հանդիպումներուն։ Նշած է, թէ Ինտոնեզիայի ձեռնարկին նիւթն էր՝ երիտասարդներու առաքելութիւնը բազմամշակոյթ ընկերութեան մը մէջ։ «Մեզի համար բազմամշակոյթ կը նշանակէ նաեւ բազմակրօնք. սակայն մերձեցման եւ հաղորդութեան հոգիով՝ բազմամշակութայինը կը վերածուի միջ մշակութայինի, եւ բազմակրօնքը կը վերածուի միջկրօնականի» ըսած է Ծիրանաւորը։ Ան շատ կարեւոր կը նկատէ երկխօսութիւնը Ասիոյ Եկեղեցւոյն համար. ասոր համար երիտասարդները պէտք է իւրացնեն երկխօսութեան եւ բազմազանութեան գնահատանքի հոգին։ Կարդինալ Թակլէ բազմազանութիւնը չի նկատեր իբր պառակտում, այլ քաղաքակրթութեան եւ ընկերութեան հարստացում։ Ան յիշեցուցած է, թէ Ինտոնեզիայի հիմնադիր հայրերը ուզած են որ երկիրը ըլլայ բազմամշակոյթ եւ բազմակրօնք, ուր յարգուին խղճի ազատութիւնը եւ կրօնական արտայայտութիւնը։ Այս իմաստով երկիրը մինչեւ այսօր կը մնայ իբր «նմոյշ» այդ յարգալիր կեցուածքին։

Խօսելով աշխարհի «արուարձաններուն» մասին, որ Ֆրաչնսիսկոս Սրբազան Քահանայապետի սրտին շատ մօտիկ խնդիր մըն է, Կարդինալ Թակլէ նշած է, թէ ընկերութեան արուարձան ըլլալու փորձառութիւնը կը վերածուի առաքելական շարժումի եւ մղումի՝ արուարձաններու մէջ գտնուող անձերը դիտելու հաւատքի աչքերով։








All the contents on this site are copyrighted ©.