2017-08-07 09:06:00

Վենեզուելայի մէջ ըմբոստութեան մը փորձին մասնակիցները ձերբակալուեցան։


Վենեզուելայի իշխող Միացեալ ընկերվարական կուսակցութեան փոխնախագահ Տիոստատօ Քապելլօ յայտնեց, որ ձերբակալուած են երկրի նախագահին դէմ ըմբոստութեան փորձ կատարած զինուորներ: Ան «Թուիթըր»-ի վրայ ըմբոստութեան փորձը կոչեց «ահաբեկչական յարձակում» մը:

Ըմբոստութեան փորձը կատարուեցաւ երկրին հիւսիսարեւմտեան Քարապոպօ նահանգի Վալենսիա քաղաքին մէջ գտնուող «Ֆուերթէ Փարամաքայ» զօրանոցին մէջ: Ըմբոստութեան փորձը կատարեցին իրենք զիրենք 41-րդ զօրաբաժին կոչող ջոկատին զինուոները: Անոնց ղեկավարը` Խուան Քակուարիփանօ ընկերային ցանցին վրայ տարածուած տեսերիզի մը ճամբով յայտարարեց. «Ասիկա յեղաշրջում չէ, այլ սահմանադրական կարգը վերականգնելու համար զինուորական ու քաղաքացիական քայլ մը»:








All the contents on this site are copyrighted ©.