2017-08-07 12:24:00

Նիճերիոյ մէջ եկեղեցւոյ մը դէմ յարձակում. կան 11 մեռեալներ։ Ֆրանչիսկոս Պապին ցաւակցութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 6 օգոստոս 2017-ի տեղական ժամով առաւօտեան 6-ին, Նիճերիոյ ''Անամպրա'' նահանգի ''Ոզուպուլույի'' կաթողիկէ եկեղեցին թիրախ դարձաւ զինեալ յարձակումի մը որուն ընթացքին, ըստ ականատեսներուն, հինգ անյայտ անձինք կրակը բացին Եկեղեցւոյ մէջ համախմբուած հաւատացեալներուն վրայ, սպաննելով անոնցմէ 11-ը ու վիրաւորելով այլ տասնեակներ։

Ըստ ոստիկանութեան տուեալներուն յարձակումը կատարած է միային մէկ հոգի որ Եկեղեցի ներխուժած էր յատուկ անձ մը սպաննելու համար, ապա  փախուստ տալու ընթացքին շարունակած է կրակել ամբոխին վրայ սպաննելով կիներ ու մանուկներ որոնք կը մասնակցէին կիրակնօրեայ սուրբ պատարագին։ Նիճերիոյ նախագահ Մուհամմատւ Պուհարին դատապարտած է արարքը։

Երկուշաբթի 7 օգոստոսին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը  Նէյուիի թեմի արքեպիսկոպոսին յղեց Կարդինալ Փարոլինի ստորագրութիւնը կրող ցաւակցագիր մը որուն մէջ արտայայտեց իր մօտիկութիւնը թեմին բոլոր հաւատացեալներուն ու յատկապէս զոհուածներու եւ վիրաւորուածներու հարազատներուն, անոնց համար հայցելով մխիթարութիւն եւ Աստուածային օրհնութիւններ։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.