2017-08-07 09:12:00

Ապահովութեան Խորհուրդը միաձայնութեամբ նոր պատժամիջոցներ որդեգրեց Փիոնկիանկի դէմ։


«Պի.Պի.Սի.» կը հաղորդէ, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին կողմէ Հիւսիսային Քորէայի դէմ միաձայնութեամբ որդեգրուած պատժամիջոցներէն ետք, Չինաստանի արտաքին գործոց նախարար Ուանկ Եի իր հիւսիսային քորէացի պաշտօնակիցին` Ռի Եոնկին յայտնած է, թէ Փիոնկիանկ պէտք է դադրեցնէ հիւլէական եւ հրթիռային փորձարկումները:

Ան երէկ Ֆիլիփեան կղզիներուն մէջ տեղի ունեցած հանդիպումի մը ընթացքին նաեւ նշած է, որ Փիոնկիանկ պէտք է յարգէ Ապահովութեան խորհուրդի որոշումը, որ կ՛արգիլէ Հիւսիսային Քորէայէն ածուխի, երկաթի եւ կապարի ներածումներն ու կը սահմանափակէ այդ երկրին մէջ ներդրումները:

Ուանկ յայտնեց, որ պատժամիջոցները անհրաժեշտ են, սակայն «վերջնական նպատակը չեն», եւ կոչ ուղղեց երկխօսութեան: Ան յայտնեց, որ Հիւսիսային Քորէան յորդորած է մնալ հանդարտ եւ յաւելեալ փորձարկումներով չգրգռել միջազգային ընտանիքը:

Չինական դիւանագիտութեան պետը նաեւ Միացեալ Նահանգներուն եւ Հարաւային Քորէային կոչ ուղղեց չաճեցնելու լարուածութիւնը` յայտնելով, թէ կացութիւնը հասած է «վտանգաւոր կէտ»-ի մը, որ սակայն նաեւ բանակցութիւններու վերսկսումը կ՛արտօնէ:








All the contents on this site are copyrighted ©.