2017-08-06 14:05:00

Ֆրանչիսկոս Պապին 6 օգոստոսի Մարեմեան աղօթքի խորհրդածութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 6 օգոստոս 2017-ի կէսօրին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը որուն ընթացքին ներկայացուց խորհրդածութիւն մը ակնարկելով օրուան ծիսական տօնին` պայծառակերպութեան։

Այսօր` ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, եկեղեցին կը տօնէ պայծառակերպութեան տօնը. Յիսուսի Այլակերպութիւնը տեղի կ՛ունենայ երբ Ան աղօթքի համար երեք աշակերտներուն` Սիմոն-Պետրոս, Յակոբոս եւ եղբայրը՝ Յովհաննէսի հետ միասին բարձրացած էր Թաբոր լեռ։

Աշակերտները ականատես կ՛ըլլան հրաշափառ դէպքին ուր հրաշալի լուսաւորում մը կը պայծառացնէ Յիսուսին դէմքը ու Ան  կ՝այլակերպուի ստանալով  բոլորովին տարբեր երեւոյթ։

Աննախընթաց այդ երեւոյթին մէջ երեք աշակերտները կը տեսնեն երկու ա՝յլ էակներ որոնք կը խօսին վարդապետին հետ։ Անոնք՝ կերպարներն էին Մովսէսի եւ Եղիայի մարգարէներուն։ Այդ տեսիլքի աւարտին Պետրոս կ՝ըսէ` «Վարդապետ լաւ է որ մենք այստեղ  շինենք երեք տաղաւարներ, մէկը՝ քեզի, մէկը Մովսէսին ու  մէկը Եղիային համար։ Ապա ձայն մը երկնքէն կ՛աղաղակէ «Դա է Որդին իմ Սիրելի  ընդ որ հաճեցայ։ Դմա՛ լուարումք »։

«Տիրոջ այլակերպութեան եղելութիւնը մեզի կը շնորհէ յոյսի պատգամ մը որ մեզ կը հրաւիրէ հանդիպելու Յիսուսին որպէսզի մենք մեզ դնենք եղբայրներու ծառայութեան տակ» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, դիտել տալով թէ լեռան վրայ երեք աշակերտներուն մեկուսացումը հրաւէր մըն է  խոկալու եւ խզուելու աշխարհիկ իրողութիւններէն որպէսզի սկսինք վերացական ուղեւորութիւն մը, զայն փնտռելով աղօթքի մտերմիկ պահերու ու Աստուծոյ  խօսքի ունկնդրութեան մէջ։ Այս առընչութեամբ Նորին Սրբութիւնը մատնանշեց թէ ամառնային շրջանը  նախախնամական է, որուն  ընթացքին կարելի է զարգացնել Տիրոջ հետ հանդիպումի փնտռտուքը, յատկապէս որովհետեւ ազատ ենք այլ զբաղումներէ։

«Աշակերտները լեռնէն վար իջան իրենց կարգին կերպարանափոխուած» ըսաւ ապա Քահանայապետը  խրախուսելով  ընդգրկել նոյն ուղեւորութիւնը  հանդիպելով Քրիստոսին ու քաջալերուած այդ  հանդիպումէն մեր կարգին դառնանք ծառաներ մեր  եղբայրներուն, յատկապէս անոնց որոնք կը տառապին միայնակ են, լքուած են­ կամ ալ հիւանդ եւ անարդարութեան լուծին տակ թաղուած։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը խորհրդածութիւնը եզրափակեց մտաբերելով բոլոր անոնք որոնք կարելիութիւնը չունին արձակուրդի երթալու զանազան պատճառներու բերումով բոլորը յանձնելով Սուրբ Կոյս Մարիամի հովանիին։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.