2017-08-05 07:19:00

''Տասը օրեր Խաղաղութեան համար'' խորագիրով ձեռնարկ Ճափոնի մէջ։


(Ռատիօ Վատիկան) 6 – 15 օգոստոս 2017-ին Ճափոնի եպիսկոպոսական համահաւաք դասը կը նշէ ''Տասը օրեր Խաղաղութեան համար'' խորագիրով տարեկան ձեռնարկը որուն ընթացքին կը յիշատակուին Հիրոշիմայի եւ Նակազաքիի քաղաքներու 6 եւ 9 Օգոստոս 1945-ին  ադոմական  ռմբակոծումին զոհերուն յիշատակը։

Վերոնշեալ  ձեռնարկին առթիւ Ճափոնի եպիսկոպոսները հրապարակեցին պատգամ մը որուն մէջ ընդգծեցին թէ ''ոչ բռնութեամբ է որ սէրը կը յաղթէ բռնութեան''։ Անոնք ապա շեշտեցին թէ Եկեղեցին թիկունք է համերաշխ համակեցութեան իրաւունքին որ երաշխաւորուած է Ճափոնի սահմանադրութենէն, ապա  հաստատեցին թէ ''խաղաղութիւնը կարելի չէ կառուցել զինուորական իշխանութեամբ'' ու այս առընչութեամբ կոչ ուղղեցին Ճափոնի կառավարութեան ու բոլոր բարի կամք ունեցող մարդոց որպէսզի ձգտին անկեղծ երկխօսութեան` Ասիայի ու աշխարհի մէջ հաստատելու համար խաղաղութիւնը։

Եպիսկոպոսները մտահոգութիւն յայտնած են Թոքիոյի խորհրդարանի կողմէ որդեգրուած օրէնքի նկատմամբ որ իրաւունք կու տայ զինուորականներուն ձերբակալելու բոլոր անոնք որոնք կասկածելի են։ Այս օրէնքի բերումով, կը գրեն եպիսկոպոսները իրենց պատգամին մէջ, վտանգը կայ որ կազմուի  հսկողական հասարակութիւն մը որ կը սահմանէ քաղաքացիներուն իրաւունքները … մեր պարտականութիւնն է մեր զաւակներուն ու մեր թոռնիկներուն թողուլ ընկերութիւն մը ուր մարդկային հիմնական իրաւունքները, ներառեալ  հաւատքի ազատութիւնն ու մարդկային արժանապատուութիւնը յարգուին, խուսափելով պատերազմի արհաւիրքէն։

Ճափոնի եպիսկոպոսները պատգամը եզրափակած են հրաւէրով մը` աղօթելու ու գործելու վասն աւելի արդար ու խաղաղ ըմբերութեան մը կառուցումին։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.