2017-08-05 08:32:00

Սանթա Մարիա Մաճճորէ Քահանայապետական տաճարին նաւակատիքը։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ, 5 օգոստոսի առաւօտեան ժամը 10ին, Հռոմի Սանթա Մարիա Մաճճորէ Քահանայապետական տաճարին մէջ, Կարդինալ Սթանիսլաւ Ռիլքօ հանդիսական Սուրբ Պատարագ կը մատուցանէ՝ Տաճարի Նաւակատիքին առիթով։ Երեկոյեան ժամը 5ին երեկոյեան ժամերգութիւն պիտի կատարուի, գահերիցութեամբ Վալերիայի տիտղոսաւոր Արքեպիսկոպոս Գերապայծառ Ֆրանչեսքօ Քանալինիի։ «Մեծացուսցէ» շարականի ժամանակ Տաճարին մէջ պիտի կատարուի «Ձիւնի Հրաշքի» ներկայացումը, իսկ իրիկուան ժամը 9ին Հռոմի Համայնքի հովանաւորութեան յիշատակի հանդիսութիւն։ Այս ձեռնարկը սկսած է 1983 թուականէն, իսկ այս տարի նուիրուած է Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին։

Սանթա Մարիա Մաճճորէ տաճարը արեւմուտքի ամենէն հին մարեմեան տաճարն է, կառուցուած Սիքստոս Գ. Քահանայապետի կողմէ, Եփեսոսի ժողովէն (431 թուական) քիչ յետոյ, ուր Մարիամ հռչակուած էր իբր «Աստուածամայր»։ Սուրբ Պատարագի եւ անոր յաջորդող ժամերգութեան ընթացքին, ըստ աւանդութեան կը տեղացնեն ծաղիկներ՝ յիշատակելու «Ձիւնի Հրաշքը», որ կատարուած էր 358 թուականի օգոստոսի 5ին, երբ զարմանալիօրէն ձիւն տեղացած էր Հռոմի Էսքուիլինօ բլուրին վրայ։ Ըստ աւանդութեան Աստուածածինը կʼերեւի Լիպերիոս Քահանայապետին երազի մը մէջ խնդրելով անկէ, որ կառուցէ եկեղեցի մը այնտեղ ուր ձիւն պիտի տեղայ։ 1983 թուականէն ի վեր «Ձիւնի Հրաշքը» կը ներկայացուի Տաճարին դիմաց գտնուող հրապարակին վրայ, ձայներու եւ լոյսերու բեմադրութեամբ, ուր նաեւ արհեստական ձիւն կը տեղացուի։ Հանդիսութիւններուն կը կանխէ եռօրեայ աղօթք, օգոստոս 2-4։








All the contents on this site are copyrighted ©.