2017-08-05 13:30:00

''Ուրիշը ընկալենք որպէս Քրիստոսը'' Ֆրանչիսկոս Պապին թուիթը։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Ուրիշը պարգեւ մըն է զոր պէտք է ընկալենք յարգանքով որովհետեւ անոր միջոցաւ, յատկապէս երբ տկար եւ դիւրաբեկ է, դէպի ինծի կու գայ Քրիստոս'' այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին 5 օգոստոս 2017-ին հրապարակած թուիթը որուն միջոցաւ Նորին Սրբութիւնը դարձեալ  ակնարկեց ու հրաւէր ուղղեց ուրիշը յարգելու եւ ընկալելու որպէս մեր եղբայրը, յատկապէս երբ ան տկար է ու կարօտը ունի մեր օգնութեան ու մեր սիրոյն։ Ինը լեզուներով հրատարակուած թուիթներու միջոցաւ, որոնց հետեւորդներու թիւը գերազանց 36 միլիոնը, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը կ՛ուզէ շեշտը դնել մարդկայնական վերաբերմունքին վրայ` ընդգծելով աւետարանական խօսքերը ''Որովհետեւ անօթեցայ՝ եւ ուտելիք տուիք ինծի, ծարաւցայ՝ ու խմցուցիք ինծի, օտարական էի՝ ներս ընդունեցիք զիս, մերկ էի՝ հագուեցուցիք զիս, հիւանդ էի՝ այցելեցիք ինծի, բանտի մէջ էի՝ եկաք ինծի” (Մատթէոս 25­, 35-36):








All the contents on this site are copyrighted ©.