2017-08-05 08:45:00

Իրան 370,000 տոլար կը տրամադրէ հայկական եկեղեցիներու վերականգնման ծրագիրներուն


 

ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».- Իրանի զբօսաշրջութեան զարգացման ծրագիրին ծիրէն ներս, Թեհրանի կառավարութիւնը 370,000 տոլար յատկացուցած է ԵՈՒՆԵՍՔՕի Համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին մէջ ընդգրկուած հայկական եկեղեցիները վերականգնելու ջանքերուն:

«Իրանն Այսօր»ը կը տեղեկացնէ, թէ Իրանի Մշակութային ժառանգութեան, արհեստներու եւ զբօսաշրջութեան կազմակերպութեան փոխղեկավար Մոհամետ Հասան Թալեպիան ըսած է. «Անհրաժեշտ է պահպանել պատմական եկեղեցիներուն տեսքը, եւ այդ իսկ պատճառով, Մշակութային ժառանգութեան կազմակերպութիւնը կը փորձէ հասարակութեան ուշադրութիւնը անոնց վրայ կեդրոնացնել՝ կրօնական արարողութիւններ կազմակերպելով ու վերականգնման նախագիծեր իրականացնելով»։

Պաշտօնատարը այս յայտարարութիւնը կատարած է Ս. Թադէի վանք այցելութեան ընթացքին։

Նշենք, որ 2008ին, Ս. Թադէի վանքը, Ս. Ստեփանոս վանքն ու Ձորձոր մատուռը ընդգրկուած էին ԵՈՒՆԵՍՔՕի Համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին մէջ, «Իրանի հայկական եկեղեցիները» ընդհանուր անուան տակ: ԵՈՒՆԵՍՔՕն շեշտած էր, թէ այս կառոյցները կ՛ընդգծեն հայկական աւանդոյթներու հզօրութիւնն ու ուժը:








All the contents on this site are copyrighted ©.