2017-08-05 08:59:00

Աւարտեցաւ Ասմունքի Համահայկական 6-րդ փառատօնը


Օգոստոս 2-ին Շուշիի մէջ աւարտեցաւ Շուշիի ազատագրման 25-ամեակին նուիրուած  ասմունքի համահայկական փառատօնը: «Աւան Շուշի պլազա» կազմակերպութեան, ՀՀ սփիւռքի, Արցախի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութիւններու եւ Երեւանի պետական համալսարանին հետ համատեղ կազմակերպուած փառատօնի փակման արարողութեան ներկայ էին Արցախի Հանրապետութեան ԱԺ նախագահ Աշոտ Ղուլեան, Արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեան, Մշակոյթի նախարար Նարինէ Աղաբալեան, Կրթութեան, գիտութեան եւ մարմնակրթութեան փոխնախարար Միքայէլ Համաբարձումեան, մտաւորականներ, հիւրեր եւ այլք:

Ինչպէս կը հաղորդէ «Հայերն այսօր»-ը,փակման ձեռնարկին ելոյթ ունեցան Շուշիի «Վարանդա» երգչախումբը (խմբավար` Զաքար Քեշիշեան), «Մենք ենք մեր սարերը» համոյթը:

Ամփոփիչ խօսքով հանդէս եկաւ փառատօնի գնահատող յանձնախումբի նախագահ, ԵՊՀ հայ բանասիրութեան բաժանմունքի տնօրէն, բ.գ.դ, փրոֆէսոր Արծրուն Աւագեան:

Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ պարգեւատրման արարողութիւնը, որուն ընթացքին փառատօնի գաղափարի հեղինակ ամերիկահայ գործարար, բարերար Ալէք Պաղտասարեան, Արցախի կրթութեան, գիտութեան եւ մարմնակրթութեան փոխնախարար Միքայէլ Համաբարձումեան եւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան աշխատակից Հայկ Ենգիբարեան յաղթողներուն յանձնեցին պատուոգիրներ եւ նուէրներ:

Փառատօնի ամփոփիչ ձեռնարկին ելոյթ ունեցաւ նաեւ լիբանանահայ ասմունքող, փառատօնի գնահատող յանձնախումբի անդամ Անի Սարաֆեան-Եփրեմեանը եւ Արցախի Հանրապետութեան վաստակաւոր արուեստագէտ Տիգրան Մկրտչեանը:

Աւելցնենք, որ փառատօնին մասնակցեցաւ շուրջ 100 շնորհալի պատանի եւ աղջիկ Հայաստանէն, Արցախէն, Ջաւախքէն, Լիբանանէն, Իրանէն, ՌԴ-էն եւ ԱՄՆ-էն:








All the contents on this site are copyrighted ©.