2017-08-04 13:48:00

Վենեզուելլայի տագնապին հայող Պետական Քարտուղարութեան հաղորդագրութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ 4 օգոստոս 2017-ին, Վատիկանի Պետական Քարտուղարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը որուն մէջ նշուած է թէ Սուրբ Աթոռը խոր մտահոգութիւն կը յայտնէ ի տես Վենեզուելլայի Հանրապետութեան մէջ տիրող տագնապալից իրավիճակի վատթարացումին, մեռեալներուն, վիրաւորներուն ու բանտարկեալներու թիւին աճումին։

''Սրբազան Քահանայապետը, ուղղակիօրէն եւ Պետական Քարտուղարութեան միջոցաւ մօտէն կը հետեւի կացութեան ու անոր մարդկայնական, ընկերային, քաղաքական, տնտեսական ու նոյնիսկ հոգեւոր հետեւանքներուն եւ կը վստահեցնէ իր յարատեւ աղօթքը երկրին ու համայն վենեզուելլացիներուն, մինչ համայն աշխարհի հաւատացեալները կը հրաւիրէ աղօթելու այդ դիտաւորութեամբ'' գրուած է վերոնշեալ հաղորդագրութեան մէջ ուր ապա ընդգծուած է թէ  ''Սուրբ Աթոռը  կոչ կ՛ուղղէ բոլոր քաղաքական դերակատարներուն ու յատկապէս կառավարութեան` որպէսզի երաշխաւորուի մարդկային իրաւունքի յարգանքը, հիմնական ազատութիւնը ու նաեւ գործող սահմանադրութիւնը'' հարիւրելով ''կասեցնել նոր ձեռնարկներ, ինչպէս է պարագան նոր սահմանադրութեան, որ փոխանակ հաշտութիւնն ու խաղաղութիւնը քաջալերելու, կը ստեղծեն ապագայի սպառնացող լարուածութեան ու բախումի իրավիճակ''։ 

Պետական Քարտուղարութիւն ապա կը հրաւիրէ պայմաններ ստեղծել բանակցային լուծումի յանգելու համար, հիմնուած 2016-ի դեկտեմբեր 1-ին Պետական Քարտուղարութեան այս առընչութեամբ յղած նամակի պարունակութեան վրայ, ի միտ ունենալով բնակչութեան տառապանքը ու անոր դժուարութիւնը կերակուր եւ դեղորայք հայթայթելու։

Հաղորդագրութեան աւարտին Սուրբ Աթոռը սրտաբուխ կոչ կ՛ուղղէ համայն Վենեցուելլայի ընկերութեան որպէսզի խուսափի որեւիցէ բռնութեան կիրարկումէն ու յատկապէս անվտանգութեան ուժերուն` որպէսզի ձեռնպահ մնան աւելորդ ու անհամաչափ ուժի գործադրումէն։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.