2017-08-04 08:18:00

Մատուրօ սահմանադիր ժողովի առաջին նիստը յետաձգեց այսօրուան


Վենեզուելայի նախագահ Նիքոլաս Մատուրօ երէկ յայտարարեց, որ նորընտիր Սահմանադիր ժողովի առաջին նիստը յետաձգուած է այսօրուան: Նշենք, որ Վենեզուելայի իշխանութիւնները ժողովրդավարութեան ոտնահարման միջազգային մեղադրանքներ եւ ընդդիմութեան կողմէ լայնածաւալ բողոքի ցոյցերու կոչեր կը դիմագրաւեն:

Նորաստեղծ Ժողովի անդամներու ընդունելութեան ընթացքին Մատուրօ յայտնեց. «Առաջարկուեցաւ Սահմանադիր ժողովի անդամներու երդման արարողութիւնը այսօրուան փոխարէն զայն կատարել ուրբաթ օր` խաղաղօրէն, հանդարտօրէն եւ պէտք եղած արարողակարգով»:








All the contents on this site are copyrighted ©.