2017-08-04 08:23:00

Հայաստանի Ա.Ժ. դէմ չէ Եզիտիներու ցեղասպանութեան վերաբերեալ փաստաթուղթի ընդունման։


3 օգոստոսին Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւորները այցելած են Արմաւիրի մարզի Ակնալիճ գիւղին մէջ գտնուող եզիտիական սրբատեղի եւ յարգանքի տուրք մատուցած 3 օգոստոս 2014-ին ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ Իրաքի Շանկալ եզիտիաբնակ նահանգին մէջ իրականացուած ոճրագործութեան շուրջ 12 հազար անմեղ զոհերու յիշատակին: Ներկաները ծաղիկներ զետեղած են յուշակոթողին, այնուհետեւ այցելած են եզիտիական տաճար:

Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահի տեղակալ Արփինէ Յովհաննիսեան լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին նշած է, որ Իրաքի եզիտիներուն նկատմամբ եղածը ցեղասպանութիւն էր: Խօսելով Հայաստանի Ազգային ժողովին կողմէ ցեղասպանութիւն եզրոյթի ընդունման մասին` Արփինէ Յովհաննիսեան ըսած է. «Իւրաքանչիւր պետութիւն հաշուի կ՛առնէ հոլովոյթի շրջագիծին մէջ յստակ քայլերու յաջորդականութիւնը եւ արտաքին քաղաքական օրակարգի առաջնահերթութիւններու շրջագիծին մէջ հարցին քայլ առ քայլ ընթանալը, ատիկա մէկ վայրկեանի կամ մէկ ժամուան հոլովոյթ չէ»:

Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւոր, եզիտի համայնքի ներկայացուցիչ Ռուստամ Մախմուդեան նշած է, որ Հայաստանի խորհրդարանը սկզբունքօրէն դէմ չէ եւ հակուած է 3 օգոստոս 2014-ին Իրաքի մէջ եզիտիներուն նկատմամբ կատարուած ցեղասպանութեան վերաբերեալ որեւէ ձեւաչափով փաստաթուղթի ընդունման:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.