2017-08-03 12:38:00

Կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրիին պատգամը «Պիպիոնեան Ներումի» բացման արարողութեան առթիւ


«Ռատիօ Վատիկան» Չորեքշաբթի, 2 օգոստոսին, Պիպիոնէի Վերափոխեալ Աստուածածնի Ժողովրդապետութեան մէջ կատարած Սուրբ Պատարագի ընթացքին, Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի Վարիչ՝ Կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրի նշած է, թէ «Դարեր շարունակ մարդկութիւնը նուաճած է կարեւոր կէտ նպատակներ, ստեղծած է միջազգային հաստատութիւններ՝ որպէսզի չկրկնէ որոշ ողբերգութիւններ, սակայն չէ մարած անոր մէջ ուժի մարմաջը, շահոյթի, ուժանիւթի շուկայի եւ զէնքերու ծարաւը»։

Ֆրանչիսկոս Պապի տնօրինումով, տարւոյս 1-16 օգոստոսին կը կատարուի «Պիպիոնեան Ներումի» բացումը։ Այս նախաձեռնութեան նպատակն է, որ տեղական համայնքը յատուկ կերպով աղօթէ Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ համայնքներուն համար։ Կարդինալը մէջբերում կատարելով Բենեդիկտոս ԺԵ. Պապի հարիւր տարիներ առաջ, հակամարտող ժողովուրդներու պետերուն կատարած կոչէն, յիշեցուցած է, թէ «խրամատներու մէջ կատարուած թնդանօթներու եւ հրացաններու պատճառած կոտորածներէն անցած ենք Հիրոշիմայի եւ Նաքազաքիի միջուկային պայթումներուն, որուն յիշատակը պիտի կատարուի քանի մը օր ետք, եւ հասած մինչեւ այն ռումբը որ կը կոչենք ʼմայրʼ։»

Կարդինալ Սանտրի ապա անդրադարձած է Արեւելեան Եկեղեցիներու հաւատացեալներուն կրած տառապանքներուն եւ «անիմաստ կոտորածներուն», որոնք սկիզբ առած են արդէն ժամանակ մը առաջ, ուր աշխարհի հզօրները խուլ գտնուած են Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Պապի կոչին, որ կատարած էր Ծոցի պատերազմէն եւ Իրաքի յարձակումէն առաջ։ «Սակայն մարդկութիւնը կը մնայ պնդագլուխ», ըսած է Ծիրանաւորը։ Ան կոչ ուղղած է, որ աղօթենք սրտերու դարձին համար, նպաստելու համար շատ մը մարդոց արդար եւ կայուն խաղաղութեան ձգտումին։ Սուրբ Պատարագի աւարտին, Կարդինալ Սանտրի տուած է Քահանայապետական օրհնութիւնը՝ ամբողջական ներումով։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.