2017-08-03 14:08:00

Լիբանանի Մարոնիթ եպիսկոպոսներուն կոչը ի նպաստ սուրիացի գաղթականներուն


«Ռատիօ Վատիկան» Չորեքշաբթի, օգոստոս 2ին, Լիբանանի Մարոնիթ եպիսկոպոսները, գլխաւորութեամբ Պատրիարք Պշարա Պութրոս Ռաիի, գումարեցին իրենց ամսական ժողովը, պատրիարքական ամարանոցին մէջ։ Ժողովի աւարտին եպիսկոպոսները կոչ ուղղեցին լիբանանեան քաղաքացիական հաստատութիւններուն, որ կազմեն ամբողջական ծրագիր մը ի նպաստ սուրիացի փախստականներու վերադարձին՝ դէպի Սուրիա։

Ըստ ՄԱԿի տուեալներուն, Լիբանանի մէջ գտնուող սուրիացի փախստականներու պաշտօնական թիւը կը հասնի մէկ միլիոնի։ Սակայն պէտք է նկատի առնել, որ շատ մը փախստականներ չեն արձանագրուած լիբանանեան հաստատութիւններու մօտ։

Փախստականներու վերադարձի առընչութեամբ, Մարոնիթներու Պատրիարքը արդէն 16 յուլիսին, Սուրբ Շարպելի տօնին, իր քարոզին մէջ կոչ ուղղած էր նախագահ Միշէլ Աունին։ Ան ըսած էր՝ «փախստականներու հանդէպ մեր ունեցած զօրակցութեամբ հանդերձ, լիբանանցիները կը մաղթեն, որ վերանայուի գործընթացը՝ երաշխաւորելու սուրիացի գաղթականներուն՝ իրենց երկիր վերադարձը, մէկ կողմ դնելով քաղաքական զանազան դիրքորոշումները, որոնք կը խոչընդոտեն բաղձալի լուծումներուն։»








All the contents on this site are copyrighted ©.