2017-08-02 12:25:00

Ֆրանչիսկոս Պապի հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւնը


«Ռատիօ Վատիկան» Ամառնային արձակուրդներու կարճ  դադարէն  ետք,  սկիզբ առաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւնը։

Չորեքշաբթի, 2 օգոստոս 2017-ին, Վատիկանի «Պօղոս Զ» անուան դահլիճին մէջ  համախմբուած բազմաթիւ հաւատացեալներուն ներկայութեամբ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը կատարեց հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւնը, որուն  խորհրդածութեան նիւթը եղաւ «Սուրբ Մկրտութիւնը, որ յոյս կը ներշնչէ»։

Սրբազան Հայրը ըսաւ՝ «Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, ժամանակ մը կար, ուր եկեղեցիները կողմնորոշուած էին դէպի արեւելք։ Սուրբ վայրը կը մտնէին դէպի արեւմուտք  բացուած դուռէն,  եւ քալելով կ՝ուղղուէին  դէպի արեւմուտք։

Այս մէկը, Հին մարդուն համար կարեւոր յատկանիշ մըն էր, որ  պատմութեան հոլովոյթին աստիճանաբար դադրեցաւ։ Մենք արդի ժամանակուան մարդիկ, նուազ վարժ ենք  աշխարհի մեծ նշանները  ընկալելու եւ գրեթէ երբեք չենք անդրադառնար այսպիսի իւրայատուկ երեւոյթներուն։»

Արեւմուտքը, մայրամուտին  գագաթնակէտն է , ուր՝  վախճան կը գտնէ լոյսը ։ Ւսկ արեւելքը,  այն վայրն է ուր կը յաղթահարուի խաւարը՝ եւ մեզի  յիշել կու տայ Յիսուսը.  բարձունքէն ճառագայթած՝ աշխարհի հորիզոնին վրայ։

Ֆրանչիսկոս Պապ նկատեց, թէ քրիստոնեաները զերծ չեն խաւարէն, ըլլա՛յ ան արտաքին կամ ներքին։ Անոնք չեն ապրիր աշխարհէն դուրս, սակայն Մկրտութեան միջոցաւ Քրիստոսէ ստացած շնորհքով, անոնք «ուղղութիւն» մը ունին. անոնք չեն հաւատար մթութեան, այլ օրուան յստակութեան. չեն անձնատուր չեն ըլլար գիշերուան, այլ կը յուսան արշալոյսին. մահը անոնց չի յաղթահարեր, այլ կը ձգտին յարութեան. չարը զանոնք չʼընկճեր, որովհետեւ միշտ կը վստահին բարիի անսահման կարելիութիւններուն։

«Մենք կը հաւատանք թէ Աստուած հայր է – ահա այս է լոյսը» ըսաւ Սրբազան Հայրը։ Կը հաւատանք, թէ Քրիստոս մեր մէջ եկաւ, մեր կեանքը վարեց, ընկերանալով մասնաւորապէս ամենէն աղքատներուն եւ տկարներուն – ահա այս է լոյսը։ Կը հաւատանք, թէ Սուրբ Հոգին անդադար կʼաշխատի մարդկութեան բարիքին համար, եւ պատմութեան նոյնիսկ ամենէն մեծ ցաւերը պիտի գերազանցուին – այս այն յոյսն է որ մեզ կ՝արթնցնէ ամէն առաւօտ։ Կը հաւատանք, թէ ամէն զգացում, իւրաքանչիւր բարեկամութիւն, իւրաքանչիւր բարի փափաք, իւրաքանչիւր սէր, նոյնիսկ ամէնէն փոքրերն ու մոռցուածները՝ իրենց լրումը պիտի գտնեն Աստուծոյ մէջ. այս այն ոյժն է որ մեզ կը մղէ խանդավառութեամբ գրկելու մեր կեանքը ամէն օր։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա խորացաւ Մկրտութեան խորհրդակատարութեան վրայ, նկատելով, թէ ան մեզի կը յիշեցնէ լոյսի կարեւորութիւնը։ «Մենք ծնած ենք երկու անգամ» ըսաւ Սրբազան Հայրը։ Նախ՝ բնական կեանքով եւ երկրորդը՝ մկրտութեան աւազանէն։ «Այնտեղ մահացած ենք մահուան, որպէսզի այս աշխարհի վրայ ապրինք իբր Աստուծոյ զաւակներ»։ Պէտք է տարածենք Միւռոնի բոյրը, որով դրոշմուեցանք մեր Մկրտութեան ժամանակ։ Մեր մէջ կʼապրի եւ կը գործէ Յիսուսի Հոգին, որ անդրանիկն է բազմաթիւ զաւակներու, անոնց որոնք կը դիմադրեն խաւարի եւ մահուան անխուսափելիութեան։

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետ իր խօսքը փակեց ըսելով՝ «Եթէ հաւատարիմ ենք մեր Մկրտութեան, այն ժամանակ կը տարածենք Աստուծոյ լոյսը եւ յոյսը, եւ կրնանք ապագայ սերունդներուն փոխանցել կեանքի իմաստները։








All the contents on this site are copyrighted ©.