2017-08-02 12:29:00

Միջին արեւելքի պատրիարքներու ժողով՝ Լիբանանի մէջ


«Ռատիօ Վատիկան» 2017 թուականին՝ օգոստոս ամսոյն, Սուրբ Աստուածածնի  տօնէն առաջ, Արեւելքի  կաթողիկէ Պատրիարքներու խորհուրդի անդամները պիտի գումարեն  նիստ  մը, Լիբանանի մէջ գտնուող Մարոնի պատրիարքի  ամառնային  նստավայրին մէջ,  քննարկելու համար Միջին արեւելքի   տարբեր  երկիրներու մէջ ապրող քրիստոնեայ հասարակութիւններուն խրթին իրավիճակը։
Վերջին անցնող տարիներուն, միջին արեւելքի  Կաթողիկէ պատրիարքները համախմբող յանձնախումբը, չկարողացաւ իր սովորական նիստը գումարել,  Ւրաքի եւ Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող բախումներու պատճառաւ։
Նախատեսուած է որ վերոնշեալ խորհուրդի աշխատանքները սկիզբ առնեն 10 օգոստոս 2017ին։ Ըստ Լիբանանեան կարգ մը   լրատու գործակալութիւններուն, նախքան  ժողովին գումարումը, Միջին Արեւելքի պատրիարքները  հանդիպում պիտի ունենան  Լիբանանի հանրապետութեան նախագահ՝ Միշել Աունին հետ։
Ժողովին օրակարգին մէջ նախատեսուած է հովուական ծառայութեան,  քաղաքական եւ ընկերային շտապ  հարցերու քննարկում, որոնք ծանրապէս կը կշռեն   Միջին Արեւելքի կաթողիկէ հասարակութիւններուն վրայ, եւ որոնց թիւը վերջին տարիներուն մեծ  անկում արձանագրած է։
Կաթողիկէ Պատրիարքներու ժողովին, առաջին անգամուայ համար իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ  կաթողիկէ Մելքիթներու նորընտիր պատրիարքը,  իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն նաեւ օրթոտքս եկեղեցւոյ  Պատրիարքները եւ քրիստոնաեայ հասարակութիւններու ներկայացուցիչներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.