2017-08-02 07:12:00

Հայաստանի բնակչութեան թիւը կը շարունակէ նուազիլ


ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Այս տարուան առաջին կիսամեակին, Հայաստանէն արտագաղթի բացասական հաշուեկշիռը կազմած է 8.7 հազար մարդ:

Երկուշաբթի, 31 Յուլիսին, լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին այս թիւը ներկայացուց Հայաստանի ազգային վիճակագրական ծառայութեան մարդահամարի եւ ժողովրդագրութեան բաժինի պետ Կարինէ Կույումջեան:

Ընդհանուր առմամբ, վերջին 12 ամիսներուն ընթացքին (2016ի Յուլիս-2017ի Յունիս) Հայաստանի բնակչութիւնը նուազած է 15,200 հոգիով: Բանկչութեան թիւը նուազած է նոյնիսկ այն պարագային, երբ Յունուարէն Յունիս ժամանակահատուածին հանրապետութեան մէջ ծնունդներու թիւը 2.5 հազարով գերազանցած է մահերուն թիւը:

Բնակչութիւնը գլխաւորաբար երկրէն դուրս կ՛ելլէ «Զուարթնոց» օդակայանէն եւ Վրաստանի հետ սահմանին գտնուող Բագրատաշէն անցակէտէն:








All the contents on this site are copyrighted ©.