2017-08-02 06:56:00

Զբօսաշրջութեան համաշխարհային օրուայ առթիւ Կարդինալ Թուրքսոնի պատգամը։


(Ռատիօ Վատիկան) Յառաջիկայ 27 սեպտեմբեր 2017-ին նշուելիք Զբօսաշրջութեան համաշխարհային օրուայ առթիւ Կարդինալ Փիթեր Թուրքսոն` մարդկային համապարփակ զարգացման կաճառի կառավարիչը հրապարակեց պատգամ մը որուն մէջ ընդգծեց թէ զբօսաշրջութիւնը կարող է ըլլալ կարեւոր  գործիք` աճումի եւ աղքատութեան դէմ պայքարի համար ի միտս ունենալով Եկեղեցւոյ Վարդապետութեան ուսուցումը որ կը հաստատէ թէ իսկական զարգացումը չի սահմանուիր  պարզապէս տնտեսական աճումի մէջ այլ`որպէսզի ան ըլլայ իսկական, պէտք է ըլլայ համապարփակ, այսինքն ձգտի ամէն մէկ մարդու ու համայն մարդոց զարգացման։

2016-ի տուեալներու համաձայն 1 միլիար 235 միլիոն անձ զբօսաշրջութիւն կատարած է։

Կարդինալ Թուրքսոն ապա  կ՛ընդգծէ թէ զբօսաշրջութիւնը պէտք չէ ըլլայ կործանիչ ու վնասակար բնութեան­, ու պէտք է յարգէ ժողովուրդներն ու անոնց ժառանգութիւնը, ինչպէս նաեւ պէտք է պաշտպանէ մարդկային արժանապատուութիւնը ու յատկապէս ուշադիր ըլլայ աւելի խոցուած ու թշուառ մարդոց։

Արձակուրդը պէտք չէ ըլլայ առիթ շահագործումի այլ պէտք է ըլլայ ազնուական պահ մը եւ ասոր համար է որ Եկեղեցին կը խօսի «մարդկային դիմագիծով» զբօսաշրջութիւն, հասարակական ու զօրակցական զբօսաշրջութիւն։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.