2017-08-01 11:38:00

Ֆրանչիսկոս Պապին նամակը Պրազիլի երիտասարդներուն։


(Ռատիօ Վատիկան) Պրազիլի եպիսկոպոսներու համահաւաք դասի պաշտօնական կայքէջի վրայ հրապարակուած է Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին նամակը ուղղուած Ափարեսիտայի Տիրամօր յայտնաբերումին 300 ամեակին առթիւ Ափարեսիտա սրբավայրին մէջ համախմբուած  ''ՌՈԹԱ 300'' ծրագրին մասնակցող երիտասարդներուն։

Նամակին մէջ Սրբազան Քահանայապետը մէջբերեց Երիտասարդութեան Համաշխարհային 32-րդ օրուան առթիւ յղած պատգամէն խօսքեր հաստատելով թէ ''Սուրբ Կոյս Մարիամը թանկագին օրինակ մըն է երիտասարդներուն համար'' ու թէ Ան ''զանոնք կ՛օգնէ յարատեւելու կեանքի ճանապարհին վրայ'' ու հրաւիրեց երիտասարդները իրենց հայեցողութիւնը մղեն Ափարեսիտայի Մօր, այնպէս ինչպէս ինք ըրած էր 2007-ին եւ 2013-ին երբ իր մասնակցութիւնը բերաւ Ռիօ Տէ Ժանէյրոյի երիտասարդութեան հաւաքին։

''Սիրելի բարեկամներ, անկայունութեան ու անապահովութեան առօրեայի իրականութեան դիմաց, ուր ձեր շուրջ կ՛աճին անարդարութիւններ, Մարիամ կը մնայ յոյսի նշանը` որովհետեւ ան կը ճանչնայ մարտահրաւէրները եւ իր մայրական խնամակալութեամբ ձեզի կ՛ուզէ հասկցնել թէ միայնակ չէք'', գրեց ապա Սրբազան Քահանայապետը Պրազիլի երիտասարդներուն ուղղած նամակին մէջ, հրաւիրելով զանոնք թոյլ տալ որ իրենց սրտերը կերպարանափոխուին Ափարեսիտայի Մօր հետ հանդիպումի հետեւանքով։

''Մի Վախնաք արկածախնդրութիւնէն ու յանձնառու եղէք նոր ընկերութեան մը կառուցման գործընթացքին մէջ, որ իր ուժը առնէ Աւետարանէն'' գրեց Սրբազան Պապը ու քաջալերեց չի վախնալ նաեւ կաշառակերութեան դէմ պայքարելէն ու չի հրապուրուիլ անով։

Ֆրանչիսկոս Պապ նամակը եզրափակեց հայցելով Ափարեսիտայի Տիրամօը բարեխօսութիւնը որպէսզի անոնցմէ իւրաքանչիւրին մէջ նորոգուի միսիոներական սլացքն ու յոյսը։

''Դուք Պրազիլի եւ աշխարհի յոյսն էք'' գրեց Սրբազան Պապը ու մաղթեց որ Տիրամայրը` որ երիտասարդութեան ընթացքին գիտցաւ քաջութեամբ համապատասխանել Աստուծոյ կոչին ու ընթանալ դէպի կարիքաւորները, առաջնորդէ նաեւ զանոնք իրենց կեանքի ուղեւորութեան ընթացքին''։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.