2017-08-01 07:33:00

«Ամերիկայի եւ Հիւսիսային Քորէայի միջեւ երկխօսութեան ժամանակը վերջ գտաւ» Կ՛ըսէ Հէյլի


ՄԱԿ-ի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Նիքի Հէյլի յայտնած է, որ Հիւսիսային Քորէայի կատարած հրթիռի փորձարկման հարցը քննարկելու համար ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի արտակարգ նիստի մը գումարումը անիմաստ է, որովհետեւ երկխօսութեան ժամանակը վերջ գտած է, իսկ Հիւսիսային Քորէայի հետ բանակցութիւնները անօգուտ են: Այս մասին կը հաղորդէ բրիտանական «Տէյլի Թելեկրաֆ» օրաթերթը:

«Հիւսիսային Քորէայի ղեկավար Քիմ Եոնկ Ուն անձամբ հետեւեցաւ Փիոնկիանկի կատարած միջցամաքամասային հրթիռի վերջին փորձարկումին», ըսաւ Հէյլի` նշելով. «Ամերիկեան վարչակազմին կարծիքով` այդ հրթիռը կրնայ հասնիլ Միացեալ Նահանգներու հողերուն»:

Հէյլի կը մեկնաբանէր ամերիկեան լրատուամիջոցներու` ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի արտակարգ նիստ գումարելու կոչերը: Ան զանոնք մերժելով յայտնեց. «Ապահովութեան խորհուրդը արդէն Հիւսիսային Քորէայի դէմ շարք մը որոշումներ եւ պատժամիջոցներ որդեգրեց, սակայն վերջինս զանոնք չյարգեց եւ պատժամիջոցները կ՛ոտնակոխէ` անտեսելով հետեւանքները»:

«Սի.Էն.Էն.» կը հաղորդէ, որ ուրբաթ օր Հիւսիսային Քորէայի կատարած փորձարկումը աւելի մեծ յառաջընթաց մըն էր, քան 4 յուլիսին կատարուած փորձարկումը:

Հիւսիսային Քորէայի արձակած հրթիռը ինկած էր ճափոնական ջուրերուն մէջ: Փորձարկումը դատապարտուեցաւ Միացեալ Նահանգներու, Չինաստանի, Հարաւային Քորէայի եւ Ճափոնի կողմէ:








All the contents on this site are copyrighted ©.