2017-07-31 09:31:00

Հակազդելով Ամերիկեան պատժամիջոցներուն` Ռուսիա կ՛որոշէ Ամերիկացի 755 դիւանագէտ արտաքսել։


Ռուսական լրատուամիջոցներ յայտնեցին, թէ նախագահ Վլատիմիր Փութին հրահանգած է ամերիկացի 755 դիւանագէտ արտաքսել` իբրեւ հակազդեցութիւն Միացեալ Նահանգներու կողմէ Ռուսիոյ, Իրանի եւ Հիւսիսային Քորէայի դէմ տնօրինուած պատժամիջոցներուն:

«Ռաշա1» կայանին հետ իր հարցազրոյցին ընթացքին նախագահ Փութին լայնօրէն անդրադարձած է Միացեալ Նահանգներու հետ Ռուսիոյ յարաբերութեան, Սուրիոյ պատերազմին գծով անոնց ձեռնարկած լուծման միջոցառումներուն եւ առնչակից հարցերու: «Այս գծով տակաւին հակազդեցութեան շարք մը այլ կեցուածքներ եւ քայլեր կան, որոնց սակայն չենք նախընտրեր դիմել` չբարդացնելու համար երկկողմանի յարաբերութիւնները», շեշտած է Փութին:








All the contents on this site are copyrighted ©.