2017-07-31 09:39:00

«Անտիոքի Եկեղեցին իր զաւակները պիտի չլքէ» շեշտեց Եազիժի Պատրիարքը


Անտիոքի եւ համայն Արեւելքի յոյն ուղղափառ համայնքի Եուհաննա Ժ. Եազիժի պատրիարքը երէկ Շուայայի Մար Էլիաս վանքին մէջ նախագահեց կիրակի օրուան պատարագին, որուն ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ շեշտեց, որ Անտիոքի եկեղեցին իր զաւակները պիտի չլքէ, այլ` պիտի օժանդակէ անոնց եւ կառչած պիտի մնայ անոնց յանձնառութիւններուն, որքան որ ալ դժուարութիւնները բարդանան:

Եազիժի պատրիարքը ընդգծեց, որ երբ կեանքի մասին կը խօսին, անոնք կ՛ակնարկեն վերանորոգումի եւ փոփոխութեան, ինչպէս նաեւ ամէն տեսակ բարիքի:

Անդրադառնալով շրջանին դիմագրաւած բարդ կացութեան եւ արտագաղթի հսկայ ալիքին` Եազիճի պատրիարքը յայտնեց, որ իրենց եկեղեցին կառչած պիտի մնայ իր զաւակներուն շրջանին մէջ կեցութեան:








All the contents on this site are copyrighted ©.