2017-07-29 10:14:00

Կիրակի 30 Յուլիս 2017 Առաջին Կիրակի Վարդավառէն ետք


Տէրը կ՛երթայ փնտռելու կորսուած ոչխարը (Մատթէոս, 18, 10-14)

Մեր մանկութեան օրերուն` մեզի յաճախ կը բաժնէին Յիսուսի, Աստուածամօր եւ կամ սուրբերու պատկերներ. Անոնցմէ մին միշտ տպաւորած է զիս, Յիսուս որ իր ուսը առած է ոչխար մը, կ՛երթայ դէպի փարախը. Այդ բարեպաշտ նկարին անունն էր Բարի Հովիւը. Այսօրուայ սուրբ աւետարանի առակը կը պատկերացնէ այդ դէպքը։ Ինչպէս հովիւ մը որ կը կորսնցնէ ոչխար մը 100 ոչխարներուն ընդմէջէն, եւ զայն գտնելու համար, նոյնիսկ անպաշտպան կը թողու 99-ը փարախին մէջ եւ կ՛երթայ փնտռելու կորսուածը, նոյնպէս ալ Քրիստոս` կը թողու արդարները, փնտռելու համար մեղաւորը եւ զինք դարձեալ Տիրոջ շնորհքին առաջնորդելու։

Պիտի առարկէիք թէ արդար չէ որ Աստուած թողու արդարները առանձին, նոյնիսկ լքէ զանոնք պահ մը, երթալու համար մեղաւորին ետեւէն։ Աստուած չի լքեր արդարները. Ինք ամէն տեղ է եւ իր աչքը կը տեսնէ ու կը քննէ ամէն ինչ. Ըսելու ձեւ մըն է ասիկա, բացատրելու համար թէ Տէրը որքան կարեւորութիւն կ՛ընծայէ մէկ անձի համար որ հեռացած է ու պաղած իր հաւատքէն. Շատ աւելի մտահոգութիւն ցոյց կու տայ վերադարձնելու զայն որ հեռացած է իրմէ, քան թէ պահելու ու պահպանելու անոնք որ արդէն իր հետն են ու հաւատարիմ կը մնան իր խօսքին։

Եկեղեցւոյ գլխաւոր նպատակներէն մին է դէպի հաւատք առաջնորդել մեր այն եղբայրներն ու քոյրերը որոնք, զանազան պատճառներու համար, հեռացած են ու բռնած կորստեան ճամբան, որով հեռացումը Եկեղեցիէն, որ է յաւիտենական փրկութեան երաշխիքը, կը մօտեցնէ մարդս ինք իր անձին ու հոգիին կորուստին, եւ այս` յաւիտենապէս։ Այսօրուայ երիտասարդները, զոր օրինակ, ընդհանրապէս կ՛անտեսեն Եկեղեցւոյ կոչը, երբեմն ալ նոյնիսկ զայն կ՛արհամարհեն. Եկեղեցւոյ պատգամները որեւէ արժէք չեն ներկայացներ այս օրերու երիտասարդներու աչքին. Նիւթական արժէքները, նոյնիսկ արուեստի արժէքները աւելի հրապուրիչ են անոնց համար քան հոգեւոր ու Եկեղեցւոյ կողմէ հաստատուած բարոյական արժէքները։ Պիտի կարենայ արդեօ՞ք օրին մէկը Եկեղեցին հասնիլ երիտասարդութիւնը դէպի իրեն քաշելու։

Տիրոջ ուրախութիւնը անսահման է մէկ մեղաւորի մը համար որ դարձի կու գայ, քան թէ 99 արդարներու համար որոնք հաւատարիմ են Տիրոջ։ Դարձեալ մարդկային ըսելու ձեւ մըն է. Անշուշտ թէ Տէրը չափազանց ուրախ է 99 արդարներու հաւատարմութեան համար, սակայն ամէն մէկ դարձ որ տեղի կ՛ունենայ աշխարհի վրայ ուրախութեամբ կը համակէ բոլոր հաւատացեալներու սրտերը եւ մասնաւորապէս Յիսուս Քրիստոսի սիրտը։ Սկսեալ Պօղոս Առաքեալի շռնթալից դարձէն մինչեւ վերջին դարձի եկողը աշխարհի վրայ, միշտ նոր արիւն կը ներածուի Եկեղեցւոյ մէջ երբ դարձի գան մարդիկ. Անոնք նոր կենսունակութիւն մը կը յառաջացնեն հաւատացեալներու միջեւ։

Իսկ երկնքի մէջ` փոքրերն են որ պիտի գրաւեն առաջին տեղերը. Միշտ կը կարծենք թէ մեծ մարդիկ երկնքի մէջ առաջին տեղերը պիտի գրաւեն. Ընդհանրապէս հակառակն է որ կը պատահի. Փոքր ու խոնարհ մարդիկ, անոնք որ չքաւոր են ու արհամարհուած, անոնք է որ առաջին տեղերը պիտի գրաւեն արքայութեան մէջ. Երկինքը երկիրն է հակառակէն դիտուած. Աստուածային արժէքները հակառակ են մարդկայիններուն. Փնտռենք ուրեմն այս աշխարհի վրայ երկնաւոր ու անանց բարիքները,  որոնք միայն կարող են մեզ առաջնորդելու դէպի յաւիտենական փրկութիւնը. Ամէն։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.