2017-07-29 07:48:00

Կարդինալ Փարոլին «Կաթողիկէ եկեղեցւոյ դիւանագիտութիւնը խաղաղութեան դիւանագիտութիւն է»։


(Ռատիօ Վատիկան) «Կաթողիկէ եկեղեցւոյ դիւանագիտութիւնը խաղաղութեան դիւանագիտութիւն է. Ան հետաքրքրուած չէ իշխանութեամբ`  ոչ քաղաքական ոչ տնտեսական եւ ոչ ալ գաղափարական գետնի վրայ։ Սուրբ Աթոռը ինքնիրեն շահերուն համար  չի գործեր, անոր առաքելութիւնը մարդկայնօրէնն դժուար է սակայն աւետարանական հայեացքով անխուսափելի, այն դիտումով որ իրարու մօտ աշխարհներ կարողանան դարձեալ երկխօսել ու դադրին իրար յօշոտելէ  ատելութիւններով եւ ռումբերով»։

Այսպէս արտայայտուեցաւ Վատիկանի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը Իտալական «Իլ Ռենիօ« Պարբերաթերթի տնօրէն` Տիար Ճանֆրանքօ Պրունելլիի հետ ունեցած երկարաշունչ հարցազրոյցի մը ընթացքին ուր անդրադարձ կը կատարուի նաեւ Ծիրանաւորին   2015-ին  Պելոռուսիա եւ 2016 Ուքրանիա կատարած ճամբորդութիւններուն մասին ինչպէս նաեւ յառաջիկայ օգոստոսի վերջաւորութեան Մոսկուա կատարելիք առաքելութեան մասին։

Կարդինալ Փարոլին ընդգծեց իրար հասկնալու կարեւորութիւնը յատկապէս խօսելով Ռուսիոյ եւ Արեւմտեան երկիրներու միջեւ յարաբերութիւններու մասին ու մատնանշելով յարգալիր երկխօսութեան ու խաղաղութեան նիւթը եւ զանազան տագնապներու լուծումը  որեւէ ազգային կամ միակողմանի շահերէն վեր գերադասելու անհրաժեշտութեան։

Արտայայտուելով Միացեալ Նահանգներու նոր վարչակազմի մասին Կարդինալ Փարոլին հաստատեց թէ դատելու համար ժամանակ պէտք է ապա յոյս յայտնեց որ Միացեալ Նահանգներն ու բոլոր անոնք որոնք միջազգային գետնի վրայ ունին կարեւոր դերակատարութիւն չի թերանան իրենց պատասխանատուութեան մէջ։

Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղարը խօսեցաւ նաեւ Արեւելքի մասին հաստատելով թէ Կաթողիկէ Եկեղեցին կը պահանջէ հաւատքի ազատութեան երաշխաւորումը բոլորին համար ու թէ կաթողիկէները  կը փափաքին իրենց սատարը տալ ազգային հասարակութեան զարգացումին  ու անոր բարգաւաճումին ապա մատնանշեց Չինաստանի ու Վատիկանի միջեւ կայացած երկխօսութեան նշելով թէ երկխօսութիւնը ինքնիր մէջ արդեն դրական երեւոյթ է որ կը բացուի հանդիպուի եւ վստահութեան։

«Մենք այս բոլորը կը դիմագրաւենք առողջ իրատեսութեամբ այն գիտակցութեամբ թէ մարդկութեան ճակատագիրը կը գտնուի նախ եւ առաջ Աստուծոյ ձեռքերուն մէջ» հաստատեց Վատիկանի Պետական քարտուղարը։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.