2017-07-28 11:59:00

Սթամպուլի մէջ յորդառատ անձրեւի հետեւանքով հայկական գերեզմանատան պատը փլած է


Սթամպուլի Շիշլիի շրջանի Փանգալթըի հայկական գերեզմանատան պատը յորդառատ անձրեւի հետեւանքով փլուզուած է:

Վկայակոչելով թրքական BirGun-ը՝ Artsakhpress.am-ը կը հաղորդէ, թէ Շիշլիի հայկական գերեզմանատան պատի փլուզման հետեւանքով 4 քաղաքացի մնացած է փլատակներուն տակ, որոնցմէ 3-ը յաջողած են հանել: Կը նշուի, որ անոնք արագ տեղափոխուած են հիւանդանոց:

Ականատեսները պնդած են, թէ նախկին յորդառատ անձրեւին ժամանակ արդէն կ՝երեւէր, որ պատը փլուզման եզրին է:








All the contents on this site are copyrighted ©.